Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴՐԱՄԱՏՆԱՅԻՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԸ» – 2012

March 4, 2013
in Մշակութային
0
ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴՐԱՄԱՏՆԱՅԻՆ  ՀԱՄԱԿԱՐԳԸ» – 2012

Լիբանանի  Կեդրոնական  Դրամատան Փոխկառավարիչ(1985-1990), լիբանանեան եւ միջազգային դրամատնային, տնտեսագիտական ու ելեւմտական  հարցերու խորհրդատու, տնտեսագիտական   գիրքերու եւ ուսումնասիրութիւններու հեղինակ Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեան  ընթերցասէր հասարակութեան  սեղանին վրայ   կը դնէ  «Հայաստանի  Դրամատնային  Համակարգը» գիրքը:

 Մկրտիչ Պուլտուքեան մանրակրկիտ ու  յամառ  պրպտումներու,  փաստագրական աղբիւրներու լոյսին տակ  հայ    ընթերցողին կը  ներկայացնէ   Հայաստանի  դրամատնային  համակարգը, սկսելով Առաջին  Հանրապետութեան ժամանակաշրջանէն, Խորհրդային Հայաստանի Դրամատնային Համակարգը  եւ վերջապէս՝  Երրորդ  Հանրապետութեան  ժամանակաշրջանի  դրամատնային  համակարգի կազմաւորումը, իրագործած  նուաճումները եւ  հեռանկարները:

 Հեղինակը   միաժամանակ կ’անդրադառնայ  վերջին երկու հարիւր տարիներու ընթացքին հայ ժողովուրդի դրամագլուխին բոլորած հանգրուանները եւ   յատուկ  կերպով կ’ընդգծէ  Օսմանեան ժամանակաշրջանի հայ դրամագլուխի տխուր  ճակատագիրը՝ կորուստները եւ յափշտակութիւնները: Մեկնելով իր հարուստ  փորձառութենէն, ան կ’առաջարկէ   Հայաստանի   Դրամատնային Համակարգը  աւելի  ճկուն եւ  նախանձելի դարձնելու միջոցներ:  Հեղինակը յատուկ կերպով կը  շեշտաւորէ  դրամատնային մշակոյթին  կարեւորութինը հայ իրականութեան՝ Սփիւռքի եւ Հայաստանի  մէջ:

 Գիրքին  յառաջաբանին մէջ  Մկրտիչ Յ. Պւոլտուքեան կը նկարագրէ   19-րդ  դարէն եւ 20-րդ դարու  սկիզբը Հայաստանի  քաղաքատնտեսական համայնապատկերը:   Հեղինակը  կ’ապացուցէ, թէ Կովկասի մէջ   հայկական դրամատուն ստեղծելու  ծրագիր գոյութիւն ունեցած է մինչեւ  Հոկետմբերեան Յեղափոխութիւնը՝ 1917:

 Գիրքին երկրորդ   մասին մէջ,  հեղինակը առաջարկներ կը ներկայացնէ  դրամատնային  համակարգ  կազմաւորելու միջոցներուն, անոր զարգացման  հանգրուաններուն  վերաբերեալ:

 Հետաքրքրական եւ  խիստ ուսանելի են  Հայաստանի   Առաջին Հանրապետութեան շրջանին Հայաստանի դրամատնային  համակարգին մասին փոխանցուած տեղեկութիւնները:  Հեղինակը կ’անդրադառնայ  Առաջին հանրապետութեան  ժամանակաշրջանի դրամանիշերուն: Ապա կը ներկայացնէ   Միջին Արեւելքի  Կեդրոնական դրամատուներուն շրջաբերութեան  դրած   դրամանիշները երախշաւորող ինչքերը, բաղդատելով  Առաջին Հանրապետութեան շրջաբերութեան  դրած դրամանիշերու երաշխաւորութեան գործընթացին հետ :

 Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեան պրպտող տնտեսագէտը կ’անդրադառնայ  Խորհրդային  Ժամանակաշրջանին գործող  դրամատնային օրէնքներուն եւ  ընդհանուր համակարգին, ապա  Երրորդ հանրապետութեան՝ 1992-էն մինչեւ մեր օրերը՝ ստեղծուած դրամատնային նոր համակարգին հեռանկարներուն:  

 Գիրքի յաւելուածին մէջ,  Մկրտիչ Յ.  Պուլտուքեան  1992-էն ի վեր  կատարած  իր դասախօսութիւններուն, հարցազրոյցներուն եւ  յօդուածներուն  ընդմէջէն կը փոխանցէ ներկայ շուկայական տնտեսութեան մէջ գործող Հայաստանի մէջ մնայուն ( Viable) դրամատնային  համակարգ ստեղծելու  կարելիութիւններուն մասին իր  թելադրութիւնները:   Յատուկ բաժինով մը,  հեղինակը  կ’արժեւորէ  Պէյրութի Ֆենիսիա   պանդոկին մէջ,  30 Մարտ 2012-ին,  Հայաստանի  Դրամատուներու Միութեան  նախաձեռնութեամբ  կազմակերպուած  Հայաստանի դրամատնային ներկայի իրավիճակը արտացոլացնող խորհրդաժողովը,բարձր գնահատանք մը   փոխանցելով հանրութեան:  

Իբրեւ   լիբանանեան տնտեսական եւ  ելեւմտական համակարգին  ծանօթ անձնաւորութիւն, գիրքին վերջաբանին մէջ   հեղինակը իբրեւ օրինակ  կը ներկայացնէ  Լիբանանի Դրամատնային  համակարգը (ֆրանսերէնով):

Մատչելի եւ դիւրըմբռնելի ոճով, 152  էջերու մէջ   խմբագրուած, որակաւոր տպագրութեամբ այս գիրքը, յանձնարարելի է  ոչ միայն  դրամատնային ու ելեւմտական  համակարգերու հետ շփուող,  տնտեսագէտներու, գործարարներու,  համալսարանականներու, այլեւ իւրաքանչիւր  հայու, ծանօթանալու՝  ներկայ  Հայաստանի դրամատնային  համակարգին եւ անոր արձանագրած իրագործումներուն:

ՅԱՐՈՒԹ  ՊՈՒԼՏՈՒՔԵԱՆ

Previous Post

ԼԱ ՖՈՆԹԵՆԻ ԱՌԱԿՆԵՐՈՒՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՈՎ ՆԻԿՈԼ ՊՈՒԼՏՈՒՔԵԱՆԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

Next Post

Յովակիմ Զաքարեան. «Այսօրուան վիճակը մրցանակներո՛վ չէ, որ պէտք է փոխել, այլ գիտութեամբ զբաղելու համար համապատասխան պայմաններ, միջավայր ստեղծելո՛վ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.