Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, 2003 թուականէն սկսեալ իւրաքանչիւր տարին Վեհափառ Հայրապետը հռչակած է մեր ժողովուրդի կեանքին հետ աղերս ունեցող կարեւոր դէպքի, ամեակի կամ երեւոյթի նուիրուած։
Այս առիթով յառաջիկայ Կիրակի, 9 Յունուար 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, պիտի ընթերցուի Վեհափառ Հայրապետին 2022 տարուան հռչակագիրը։ Հայրապետական հռչակագիրը նոյնպէս պիտի ընթերցուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերու բոլոր եկեղեցիներէն ներս։