Քրիստոնէական վարդապետութեան հիմքը կը կազմէ ծառայութիւնը: Արդարեւ, Աստուածորդին` Քրիստոս նոյնինքն իր օրինակով ծառայութեան տիպար հանդիսացաւ, երբ ընդունեց խեղճերն ու կարօտեալները, անօթիներն ու անօթեւանները եւ խրախուսեց բոլորը, երբ ըսաւ. «Վստահ եղէք, թէ ան, որ ձեզի գաւաթ մը ջուր տայ, որովհետեւ Քրիստոսի կը պատկանիք, իր վարձատրութիւնը պիտի չկորսնցնէ» (Մարկոս 9:41): Սփիւռքի գաղթօճախներուն սիրտը հանդիսացող լիբանանահայ գաղութը բախտաւորութիւնն ունի վայելելու Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան գործունէութեան բարիքները: Կասկածէ վեր է, որ աւելի քան քառասուն տարիներու կեանք ունեցող այս միութեան ծրագիրներուն կիզակէտը կարօտեալ, անօթեւան, յատուկ կարիքներ ունեցող, տարեց հայ մամիկն ու պապիկն են, եւ ան իր ներդրումը ունեցած է ազգային ու ընկերային կեանքին մէջ: Երբեմն հարցազրոյցներու կամ կարճ տեսահոլովակներու ճամբով երբ հանրութեան իմաց կը տրուի, որ վատ պայմաններու մէջ գտնուող, ելեկտրականութենէ եւ տարրական պէտքերէ, նոյնիսկ դեղորայքէ եւ անմիջական խնամքէ զուրկ հայորդիներ կ՛ապրին լիբանանահայ իրականութեան մէջ, ոմանց մօտ զարմանք կը յառաջանայ, ուրիշներու մօտ` ընդվզում, կամ յուզում ու կարեկցութիւն, այն հաստատումով, որ լիբանանահայ գաղութը միշտ բարեկեցիկ եղած է: Սակայն այսօր երէկուընէ աւելի բազմացած է թիւը նման պարագաներու (նկատի առնելով Լիբանանին դիմագրաւած տնտեսական արտասովոր սուր ճգնաժամը, որ հարուածած է ամբողջ գաղութը եւ մատնած` ծանր կացութեան): Ահա լոյս մը, յոյսի նշոյլ մը, զոր անշահախնդրօրէն կը կատարէ Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութիւնը:
Արդարեւ, հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան նորակազմ վարչութիւնը իր առաջին գործունէութեան մեկնարկը կատարեց երեքշաբթի, 4 յունուար 2022-ին: Ս. Ծննդեան բարեբաստիկ տօնին առիթով, օրուան խորհուրդը մարմնաւորելու եւ իմաստաւորելու միտումով 100 տարեցներու բնակարանները այցելեց Քրիստոսի լոյսով ժպիտ դրոշմելու կարօտեալներու դէմքերուն եւ ճգնաժամային այս դժուար օրերուն յոյսի նշոյլ մը ըլլալու:
Անբացատրելի էր տարեցներուն գոհունակ դէմքերն ու անոնց առատաբուխ աղօթքները ընկալելը, որոնք ուրիշ բան չէին, եթէ ոչ` գօտեպնդող ու նոր ծրագիրներու մարմնաւորումը հանդիսացող: Իւրաքանչիւր տարեց ստացաւ ճաշի ծրար եւ նիւթական օժանդակութիւն: Այս յոյժ կարեւոր նախաձեռնութեան իրենց անմնացորդ նիւթական նուիրաբերումը կատարեցին լիբանանահայ ազգային Բիւզանդ Գէորգեան (ճաշի մատակարարում), տէր Գաբրիէլ քահանայ եւ երիցուհի Տեպրա Նազարեան (նիւթական օժանդակութիւն) եւ անհատ բարերարներ:
Շնորհակալութիւն` ազնիւ նուիրատուներուն: Կը մաղթենք, որ նորանոր անձեր իրենց լուման ներդրեն այս միութեան գանձանակին մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ շարունակել Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան աստուածահաճոյ առաքելութիւնը: