Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շաբաթավերջին Տիմանի մէջ ընդունեց վարչապետ Հասսան Տիապը, որուն կ՛ընկերակցէին կենսոլորտի եւ վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Տըմիանոս Քաթթարը եւ վարչապետ Տիապի խորհրդատու Խտըր Թալեպը:
Հանդիպումէն ետք վարչապետ Տիապ յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ հանդիպումը միշտ իւրայատուկ է: «Քննարկեցինք լիբանանեան շարք մը հարցեր, յատկապէս` ընկերային, կենցաղային եւ տնտեսական, որոնք կը տագնապեցնեն լիբանանցիները, եւ որոնք հետեւանք են Լիբանանի մէջ ելեւմտական ու տնտեսական սխալ քաղաքականութիւններու կուտակման», ըսաւ Տիապ` աւելցնելով, որ այս իմաստով լսած են Ռայի պատրիարքին ցուցմունքներուն, որոնք ազգային խորք ունին եւ ուսանելի ու իմաստուն խորհուրդներ են:
Վարչապետ Տիապ յայտնեց, որ այն յայտարարութիւնը, թէ իր նախագահած կառավարութիւնը Հըզպալլայի կառավարութիւն է` այլեւս նման է կոտրուած սկաւառակի:
Տիապ նշեց, որ չէզոքութեան հարցը զուտ քաղաքական հարց է` աւելցնելով, որ տասնամեակներ շարունակ Լիբանան եղած է տարբեր քաղաքակրթութիւններու հանդիպման վայրը եւ այդ յատկանիշը Լիբանանը հարստացնող աղբիւր է: «Այս իրականութիւնը պէտք է երկխօսութեան կիզակէտ ըլլայ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն համար, որպէսզի այդ իրողութիւնը միաւորէ բոլորը, եւ ոչ թէ մասնատէ լիբանանցիները», ըսաւ ան:
Վարչապետ Տիապ շեշտեց, որ Լիբանանի դէմ կայ ներքին եւ արտաքին հզօր ալիք մը, որ ոչ միայն կառավարութեան վնաս կը հասցնէ եւ կառավարութիւնը կրնայ տապալել, այլ նաեւ` ամբողջ Լիբանանը:
«Իբրեւ կառավարութիւն սկսանք շնչել 1 մայիսէն սկսեալ, ինչպէս նաեւ գործադրեցինք մեծ թիւով բարեկարգումներ, որոնց մասին լիբանանցիները անտեղեակ են: Մեր կողմէ թերացումներ կ՛արձանագրուին, եւ կառավարութեան դէմ քաղաքական կեցուածքները հասկնալի են. անոնք ժողովրդավարական իրաւունք են, սակայն ելեւմտական եւ սննդեղէնի օժանդակութեան վերաբերեալ Լիբանանի դէմ կեցուածքները անհասկնալի են», հաստատեց Տիապ:
Ան նշեց, որ Լիբանանի հետ բանակցութիւնները շարունակելու իմաստով Միջազգային դրամական ֆոնտին կեցուածքները դրական են` աւելցնելով, որ այս շաբթուան ընթացքին այդ բանակցութիւնները պիտի աշխուժանան:
Վարչապետ Տիապ ընդգծեց, որ ինք պիտի չհրաժարի, որովհետեւ երկար ատեն այլընտրանք գոյութիւն պիտի չունենայ, եւ այդ արարքը Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն դէմ ոճիր է: «Ինչ կը վերաբերի խորհրդարանին, ապա խորհրդարանը ինքնիշխան է եւ կրնայ վերատեսութեան ենթարկել կառավարութեան շնորհած իր վստահութեան քուէն», նշեց ան:
Միւս կողմէ, երէկ կէսօրին Ռայի պատրիարքը Տիմանի մէջ ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլը, ընկերակցութեամբ` երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի եւ նախկին նախարար Մանսուր Պթայշի:
Հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ իրենք կը հաւատան լիբանանեան անկախ ինքնութեան, եւ լիբանանեան ազատ գոյացութեան, որ միայն լիբանանեան պատկանելիութիւն ունի եւ կը գերազանցէ այլ պատկանելիութիւններ:
«Չէզոքացումը անձնական որոշում մըն է, զոր մարդ անհատ կ՛որդեգրէ եւ կը գործադրէ, իսկ մենք այդ որոշումը կոչած ենք ինքզինք զերծ կացուցելու որոշում: Իսկ չէզոքութիւն մեզմէ եւ այլոց կողմէ պահանջուած որոշում մըն է, որ պէտք է գործադրուի:
Չէզոքութիւնը ռազմավարական դիրքաւորում մըն է եւ ընտրանք մը, որուն որդեգրումին պարագային` պէտք է վստահ ըլլանք անոր գործադրութեան կարելիութենէն եւ ապահովենք անոր յաջողութեան պայմանները, որոնք են.
Ա.- Ներքին լիբանանեան համախոհութիւն. որովհետեւ անկարելի է, որ բռնի ուժով եւ քինախնդրութեամբ անիկա յաջողի, այլ պէտք է համոզում ըլլայ եւ ազգային երկխօսութիւն: Մենք առաջարկած ենք լիբանանցիներուն միջեւ երկխօսութիւն կատարել տարբեր հարցերու շուրջ, յատկապէս տարակարծութիւններ պատճառող հարցերու, որոնցմէ Լիբանանի սահմանագծումը, այլապէս` ներքին երկփեղկում պիտի յառաջանայ, իսկ մեր նպատակը հարցերը հեռացնել է եւ չէզոքութեան ընդմէջէն պահպանել Լիբանանի հզօր կէտերը ու աւելցնել զանոնք:
Բ.- Այս իմաստով միջազգային եւ արտաքին հովանաւորութիւն ապահովել` տարբեր պետութիւններու կողմէ Լիբանանի հանդէպ յարգանքը երաշխաւորելու համար:
Գ.- Լիբանանի հարեւան երկիրները պէտք է ճանչնան այս սկզբունքը եւ յարգեն անոր գործադրութիւնը` Լիբանանի մէջ գտնուող արտաքին պայթուցիկ տարրերը հեռացնելով Լիբանանէն: Անոնցմէ են Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի բռնագրաւումը, ահաբեկչութիւնը, սահմանագծումի կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն եւ սուրիացի տեղահանուածներուն գոյութիւնը», հաստատեց Պասիլ:
Ան շեշտեց, որ իրենք համաձայն են այն չէզոքութեան, որ կ՛երաշխաւորէ Լիբանանի միասնականութիւնը` աւելցնելով, թէ չէզոքութիւնը պէտք է միասնականութեան միջոց ծառայէ եւ ոչ թէ ըլլայ երկփեղկումի եւ Լիբանանի մեկուսացման:
«Բազմազանութեան, ուրիշը ընդունելու եւ պատգամ երկիր եղող Լիբանանը պէտք է կայունութեան աղբիւր ըլլայ, ինչպէս որ է չէզոքութիւնը` համայնքային, յարանուանական եւ ցեղային տագնապներու ընթացքին: Մարոնի պատրիարքութիւնը լիբանանեան պատգամ երկիր ըլլալուն պաշտպան պահակն է: Մենք յաջողութիւն մաղթեցինք Ռայի պատրիարքին եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցինք` այս իմաստով որեւէ աշխատանք կատարելու», եզրափակեց Պասիլ:
Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը Տիմանի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ շեշտեց, որ չէզոքութիւնը համայնքային կամ որոշ կողմերու վերաբերող առաջադրանք չէ, այլ` լիբանանեան ինքնութեան եւ սովորութեան վերահաստատում: «Անիկա բոլոր լիբանանցիներուն` առանց բացառութեան, փրկութիւնն է, եւ կը մաղթեմ, որ չէզոք վարչակարգի յղացքին ճշմարտութեան մասին համոզումը ըլլայ իսկական եւ անաչառ: Թող կազմակերպուին երկխօսութիւններ, որոնք չէզոքութեան ազգային եւ քաղաքական իսկական իմաստը կը բացայայտեն, ինչպէս նաեւ` Լիբանանին եւ շրջանին բարգաւաճման կարեւորութիւնը», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:
Ան աւելցուց, որ չէզոքութիւնը կ՛ենթադրէ հզօր պետութիւն մը` հզօր բանակով եւ կարողութիւններ ունեցող հաստատութիւններով, պետութիւն մը, որ կրնայ ինքզինք պաշտպանել եւ իր ժողովուրդին միասնականութիւնը պահպանել` ստեղծելով քաղաքական կայունութիւն եւ տնտեսական բարգաւաճում:
«Լիբանանցիները պէտք է իմանան, որ իրենց ուրախութիւնը եւ փրկութիւնը չէզոք, գործունեայ եւ աշխուժ վարչակարգն է: Անիկա լիբանանեան ինքնութիւնն իսկ է եւ լիբանանցիներուն արժանապատուութիւնը կը դրսեւորէ», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարք անդրադարձաւ նաեւ Պէյրութի ամերիկեան հիւանդանոցի պաշտօնէութեան անարդար կերպով աշխատանքէ արձակելու որոշումին` կոչ ուղղելով օժանդակութեան ձեռք երկարելու անոնց եւ արգիլելու նոր դժբախտութիւն մը, որ կ՛աւելնայ դպրոցներու, համալսարաններու, զբօսաշրջական հաստատութիւններու, պանդոկներու եւ այլ մարզերու դժբախտութիւններուն վրայ:
Ռայի պատրիարքը իր քարոզը աւարտեց ակնարկելով Մար Շարպելի կենսագրութեան` ընդգծելով հոգեւորական դառնալու անոր կոչումը, որ զինք հասցուց սրբադասման` նկատի ունենալով անոր հրաշագործութիւնները:
Նշենք, որ Մար Շարպելի ծննդեան առիթով Ռայի պատրիարք շաբաթ գիշեր այցելեց Պքաաքաֆրա` Շարպելի ծննդավայրը:
Պքաաքաֆրայի մէջ Ռայի պատրիարք դարձաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահի ընթրիքի հիւրը:
Այս առիթով Սամիր Ժահժահ հաստատեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը գործնական քայլերու պիտի դիմէ Ռայի պատրիարքին արտայայտած կեցուածքը գործնականացնելու համար: «Այս իմաստով մենք քաղաքական գործնական քայլեր պիտի առնենք: Ռայի պատրիարքին կոչը պիտի վերածուի ձիւնագնդակի մը, որ Լիբանանը պիտի մաքրէ իր կեղտերէն», ըսաւ Ժահժահ:
Անպաշտօն աղբիւրներ յայտնեցին նաեւ, թէ Ռայի պատրիարքը չէզոքութեան մասին իր կեցուածքէն ետք, առաջին այցելութիւնը պիտի կատարէ դէպի Վատիկան, իսկ աշնան ան պիտի այցելէ Միացեալ Նահանգներ, տեղւոյն նախագահական ընտրութիւններէն ետք: