ԵՐԵՒԱՆ, «168 Ժամ».– Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան «168 ժամ» թերթին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձած է սուրիահայութեան ներկայ իրավիճակին, յատկապէս ինչ կը վերաբերի անոնց Սուրիոյ մէջ մնալուն կամ անկէ հեռանալուն, մանաւանդ որ այս մասին տարբեր տարաձայնութիւններ շրջան կ՛ընեն հայրենի մամուլին մէջ։
Անդրադառնալով մամուլին մէջ շրջան ընող այն լուրերուն, որոնց համաձայն՝ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն Դամասկոս կատարած այցելութեան ընթացքին առաջնորդարանին պատճառով չէ քննարկուած սուրիահայերը տարհանելու հարցը՝ Ռէյիսեան հաստատած է. «Սուրիոյ գաղութին ղեկավարները Սուրիան լքելու փափաք ունեցող հայերուն առնելիք քայլերը չեն խոչընդոտեր»։ Նշենք, որ մամուլին մէջ շրջան ըրին այնպիսի տարաձայնութիւններ, որոնց համաձայն, սուրիահայերը երկրէն դուրս բերելու պարագան չէ քննարկուած վերջերս Դամասկոս այցելած Հայաստանի պատուիրակութեան հետ, որովհետեւ Ազգային առաջնորդարանը եւ գաղութին պատասխանատուները կ՛ուզեն ամէն գնով պահել գաղութը, որ արդէն իսկ հայաթափ եղած է: Պատասխանելով լրագրողին այն հարցումին, թէ գաղութին ղեկավարները ինչո՞ւ արգելք կը կանգնին սուրիահայերը Հայաստան փոխադրելու գործընթացին դիմաց՝ Ռէյիսեան նշած է, որ սխալ է նման որակումներ տալը:
Ան տեղեկացուցած է, որ ինք անձամբ ներկայ գտնուած է Դամասկոսի մէջ հայ պաշտօնատարներուն եւ գաղութի ներկայացուցիչներուն միջեւ կայացած հանդիպումին, եւ հոն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը եւ դեսպանը գաղութի պատասխանատուներէն խնդրած են ներկայացնել իրենց խնդիրները, մտահոգութիւններն ու առաջարկները, ուղղուած են նաեւ հարցումներ, որոնց տրուած են սպառիչ պատասխաններ:
Ռէյիսեան դիտել տուած է, որ անհասկնալի է հիասթափած մարդոց կեցուածքը, անոնք նախ պէտք է իրենց հարցերուն եւ մտահոգութիւններուն համար դիմեն համապատասխան կողմերու, որպէսզի պատասխան ու աջակցութիւն ստանան։ Ան նշած է, որ գաղութի ոեւէ ներկայացուցիչի անձնական փափաքը հաւաքական փափաք չի կրնար ըլլալ, ուստի կարելի չէ ըսել, որ ամբողջ սուրիահայութիւնը կ՛ուզէ հեռանալ Սուրիայէն։
«Կան մարդիկ, որոնք կ՛ուզեն հեռանալ, կան մարդիկ, որոնք կ՛ուզեն մնալ: Ասիկա հաւաքական տրամադրութիւն չէ: Իսկ առաջնորդարանի դերակատարութեան մասին եղած խօսակցութիւնները, կը կարծեմ, թէ սխալ ան: Առաջնորդարանը, ազգային իշխանութիւնը, պատասխանատու բոլոր կողմերը կը մտածեն, թէ այն անձերը, որոնք կ՛ուզեն Սուրիայէն դուրս ելլել, լաւ է, որ ուղղուին հայրենիք։ Բնականաբար, մենք չենք փափաքիր, որ գաղութը լուծարուի, ամայանայ, բայց դէմ չենք կրնար ըլլալ, եթէ մարդիկ որոշեն հեռանալ, խորհուրդ կու տանք երթալ հայրենիք: Կը փորձենք տիրութիւն ընել բոլոր անոնց, որոնք տակաւին հոս են, տէր կանգնիլ անոնց կալուածներուն, ունեցուածքին, տուներուն, ազգային ղեկավարութիւնը կ՛աջակցի անոնց, կը փորձէ լուծել խնդիրները եւ տէր ըլլալ բոլորին», հաստատած է Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբերը։