Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Պաապտայի Մէջ. «Երկխօսութիւնը Կը Նկատենք Միակ Միջոցը` Երկրին Մնացորդացը Փրկելու» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

January 13, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Պաապտայի Մէջ. «Երկխօսութիւնը Կը Նկատենք Միակ Միջոցը` Երկրին Մնացորդացը Փրկելու» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի` լիբանանեան ազգային երկխօսութեան մը կարելիութիւնը քննարկելու նպատակով:

Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի Պաապտայէն յայտարարեց, որ անցեալի փորձառութիւնները սորվեցուցած են, որ հարցերու լուծման միակ ուղին երկխօսութիւնն է, ատկէ մեկնած ալ ՀՅԴ-ն եղած է եւ կը շարունակէ մնալ երկխօսութեան հրաւիրողն ու զօրակցողը` ինչ ալ ըլլայ անոր ձեւը:

Ան անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ այսօր, երբ Լիբանան մղձաւանջային օրեր կ՛ապրի եւ արդէն իսկ կը գտնուի անդունդին յատակը, կը դիմենք դուրսի աշխարհին մեզի օժանդակելու եւ մեզ փրկելու լուծումներ գտնելու համար, «բայց եւ այնպէս անհրաժեշտ է, որ ներքին առումով եւս հանդիպինք, քննարկենք եւ երկխօսութիւն ծաւալենք: Այս տրամաբանութենէն մեկնած ալ, եթէ երկխօսութեան հրաւէր ստանանք, պիտի ընդառաջենք եւ աշխատինք զայն յաջողցնելու ի խնդիր: Կառավարութեան եւ ընդհանուր կարգ ու կանոնի բացակայութեան վիճակին մէջ, երկխօսութիւնը կը նկատենք միակ միջոցը երկրին մնացորդացը փրկելու», հաստատեց ան:

Բագրատունի կոչ ուղղեց որեւէ վէճէ եւ սադրանքէ խուսափելու, Պաապտայի մէջ միասնաբար նստելու` հեռու բարձրագոչ յայտարարութիւններէ, մանաւանդ որ ժամանակ չկայ մինչեւ երեսփոխանական ընտրութիւններ սպասելու:

«Քաղաքացին անօթի է, աղքատութիւնը կը թակէ Լիբանանի շերտերուն մեծամասնութեան դռները: Աղքատութիւնը, անարդարութիւնն ու նուաստացումը մեզ կը հասցնեն հոն, ուր չենք ուզեր ըլլալ:

1975-ին փորձեցինք պատերազմը եւ ստիպուած ուղղուեցանք Թաէֆ, 7 մայիսի նախօրեակին զգուշացուցինք սադրանքներէն, որոնք պարտադրեցին իրենք զիրենք, եւ ստիպուած ուղղուեցանք Տոհա», ընդգծեց ան:

Յակոբ Բագրատունի շեշտեց, որ այսօր Լիբանան կը գտնուի ողբերգական կացութեան դէմ յանդիման, ուստի պէտք է խուսափիլ ամէն տեսակի սադրանքէ եւ կռուըտուքէ: «Դուրսի աշխարհին օժանդակութիւնը կ՛ըլլայ` անոր շահերէն մեկնած, ուստի անհրաժեշտ է, որ մենք մեզի օժանդակենք», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:

Previous Post

Chelsea finishes job against Spurs to reach League Cup final

Next Post

ՕԹԱՆ Ռուսիոյ Հետ Հրթիռներու Սահմանափակման Շուրջ Բանակցութիւններ Կ՛առաջարկէ, Սակայն Ուքրանիոյ Անդամակցութեան Անոր Վեթոն Կը Մերժէ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.