ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն մէկ տարիով երկարաձգեց Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցները, որոնք 2019-ին կիրարկուած էին Թուրքիոյ դէմ, կը տեղեկացնէ Սպիտակ տունը:
2019-ին պատժամիջոցներ սահմանելու պատճառը թրքական բանակին կողմէ ռուսական «Էս. 400» հրթիռներ գնելու որոշումն էր:
Պատժամիջոցները կը կիրարկուին Թուրքիոյ պաշտպանութեան եւ ուժանիւթի նախարարութիւններու, պաշտպանութեան նախարար եւ Թուրքիոյ բանակի նախկին ընդհանուր հրամանատար Հուլուսի Աքարի, ուժանիւթի նախարար Ֆաթիհ Տէօնմեզի եւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ Սուլէյման Սոյլուի դէմ: