ՊԱՔՈՒ, «Թրենտ».- Ատրպէյճան Կասպից ծովուն մէջ ռազմափորձերու սկսաւ, հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
«Ռազմափորձերը կը կատարուին մարտանաւերու եւ ծովուժի մասնայատուկ ուժերու մասնակցութեամբ», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ, ուր կ՛աւելցուի, որ ռազմափորձերուն նպատակն է՝ Կասպից ծովու ատրպէյճանական հատուածին մէջ ուժանիւթային ենթակառոյցներու պաշտպանութեան ապահովումը:
Նշենք, որ 5-8 Հոկտեմբերին Նախիջեւանի մէջ տեղի ունեցան թուրք¬ատրպէյճանական՝ «Անխախտ եղբայրութիւն-2021» ռազմափորձերը: