Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ կուսակցութեան կազմակերպած ընթրիքին առիթով յայտնեց, որ պատժամիջոցներու եւ շրջափակումներու լոյսին տակ շատեր` իրենց շահերը մտածելով, հեռացած են Ազգային ազատ հոսանքէն, եւ այդ մէկը հասկնալի է:
«Մնացողները սակայն մեր սրտերուն մօտիկ են, որովհետեւ անոնք համոզուած են, եւ ամէնէն կարեւորը այն է, որ անոնք անվախ են: 17 հոկտեմբերի մողէսները ժողովուրդը հեռացուցած են ճշմարտութենէն ու պարկեշտներէն եւ մօտեցուցած են փտածներն ու փողոցայինները», ըսաւ ան:
Պասիլ հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանքն է իսկական Մարտ 14-ը` աւելցնելով, որ բանեցուած արտաքին պատժամիջոցները անհիմն են եւ սուտ: «Աւելի ուշ կրնան սուտերը բացայայտուիլ` պատճառ դառնալով, որ ճշմարտութիւնը պարզուի», ըսաւ ան:
Պասիլ շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը պիտի չկարենան ջնջել` աւելցնելով, որ իրենք պիտի կարենան հոսանքը փրկել շրջափակումէ: