Մազութի Տագնապը Կը Թակէ Փուռերուն Դռները, Իսկ
«Տելթա» Տարբերակէն Զգուշանալու Ահազանգներ Կը Հնչեն
Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն 11 ամիսներ ետք, պայթումին պատճառով զոհուածներուն հարազատները երէկ յիշատակի նստացոյց մը կատարեցին նաւահանգիստի թիւ 3 դարպասին դիմաց:
Զոհերու հարազատներուն անունով ներկաները գնահատեցին Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատախազ Թարեք Պիթարի որոշումը` շեշտելով, որ անիկա զոհերու ընտանիքներուն սիրտերը հանգչեցուց: Անոնք կոչ ուղղեցին Պիթարին շարունակելու իրաւունքի եւ արդարութեան ճամբով եւ հաստատեցին, որ իրենք պիտի ըլլան անոր ձեռքին հատու սուրը:
Միւս կողմէ, Լիբանանի աշակերտական խորհուրդը երէկ յայտարարեց, որ երեքշաբթի, 6 յուլիս 2021-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան դիմաց պիտի կատարէ բողոքի ցոյց մը, որուն պիտի մասնակցին աշակերտները, անոնց ծնողներն ու ուսուցիչները:
Խորհուրդը ընդգծեց, որ աշակերտները կրթական եւ հոգեկան առումով պատրաստ չեն պետական քննութիւններուն ներկայանալու` աւելցնելով, որ ցոյցին ընթացքին կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Թարեք Մաժզուպէն պիտի խնդրեն պետական քննութիւնները չեղեալ նկատել:
Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ ապահովական կայունութեան խախտումներուն մասին հնչող զգուշացումներուն կողքին, կայ նաեւ առողջապահական մարզին հնչեցուցած ահազանգը` «Քորոնա» ժահրի հնդկական տարբերակ «Տելթա»-ի արագ տարածուելուն եւ ամէնէն աւելի մահացու ըլլալուն մասին:
Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան յայտնեց, որ «Տելթա»-էն պաշտպանուելու միակ միջոցը պատուաստ ստանալն է:
Վարչապետի պաշտօնակատարի առողջապահական հարցերու խորհրդատու Փեթրա Խուրի յայտնեց, որ «Տելթա» տարբերակը շատ աւելի արագ տարածուող ժահրի տարբերակ մըն է, որուն առաջքը առնելու համար նախազգուշութիւններուն պէտք է խստօրէն հետեւիլ, ինչպէս նաեւ պատուաստուիլ:
Առողջապահութեան հարցերու, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ «Տելթա»-ով վարակուած անհատ մը քանի մը երկվայրկեանի ընթացքին կրնայ 14-18 այլ անհատներ վարակել:
Արաժի իր կարգին կոչ ուղղեց բոլորին պատուաստուելու:
Մինչ պենզինի տագնապը կը յամենայ` համեմատաբար ինքնաշարժներու աւելի կարճ շարքերով, ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերն ու փուռերու սնետիքան հաստատեցին, որ իրենք լուրջ հարցի դիմաց կը գտնուին, եթէ մազութի տագնապը շարունակուի:
Արդեօք անցնող երկու շաբաթներուն ընթացքին պենզինի կայարաններուն դիմաց շարքի սպասող քաղաքացիներուն իրավիճակը փուռերուն դիմաց պիտի պարզուի՞:
Հարցում մըն է, որմէ անկարելի է խուսափիլ երկրին մէջ տիրող տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային ահռելի պայմանները վկայելով, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով սենտիքայի նախագահ Ալի Իպրահիմի այն յայտարարութիւնը, թէ փուռերուն մազութի պահեստը այսօր կը սպառի:
Աւելի՛ն. հիւանդանոցները իրենց կարգին կարիքը ունին մազութի եւ միշտ կը զգուշացնեն, թէ հիւանդներուն առողջութեան համար անկարելի է, որ հիւանդանոցին ելեկտրականութիւնը անջատուի:
Նշենք, որ երէկ առաւօտեան ցուցարարներ փակեցին Տամուրի մայրուղին, իսկ երեկոյեան ցուցարարներ հրկիզուող անիւներով փակեցին Մար Մխայէլ եկեղեցւոյ Մշարրաֆիէի մայրուղին` բողոքելով տնտեսական եւ ընկերային պայմաններուն դէմ: