Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Առցանց Լսարան` «Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւն. Կրթութիւն Եւ Մշակոյթ» Նիւթով

July 5, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Առցանց Լսարան` «Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւն. Կրթութիւն Եւ Մշակոյթ» Նիւթով

Ընդհանրապէս, երբ կը խօսուի մայիս 28-ի պատմաստեղծ իրադարձութեան եւ անոր յաջորդած դէպքերուն մասին, մամուլին մէջ կամ հրապարակային ելոյթներուն ընթացքին, շեշտը կը դրուի այդ դէպքերու զինուորական եւ քաղաքական կարեւորութեան վրայ, մինչդեռ կրթութիւնը եւ մշակոյթը նոյնքան կարեւոր բնագաւառներ են, եւ անոնց գծով Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ժամանակ մշակուած հայեցակարգերը կրնան այսօր ալ ուղեցոյց հանդիսանալ հայրենիքի կրթական ու մշակութային քաղաքականութիւններուն համար: Այս ընդհանուր բնութագրումը կատարելով` կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գիր եւ գրականութիւն մասնագիտացած մասնաճիւղի վարչութեան, կիրակի, 30 մայիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, վարչութեան անունով Ժագ Յակոբեան բացումը կատարեց «Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւն. կրթութիւն եւ մշակոյթ» խորագիրով առցանց լսարանին, օրուան զեկուցաբերն էր «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան: Յակոբեան նշեց, թէ վարչութիւնը յարմար նկատեց, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան տարեդարձին նուիրուած նախաձեռնութիւններուն շարքին անպայման անդրադարձ  կատարուի հանրապետութեան շուրջ երկուքուկէս տարուան պատմութեան ընթացքին կատարուած մշակութային, կրթական եւ գրական իրագործումներուն: Ընթերցելէ ետք օրուան զեկուցաբերին հակիրճ կենսագրականը,ան հրաւիրուեցաւ ներկայացնելու իր զեկուցումը:

Շահան Գանտահարեան իր զեկուցումին ընդմէջէն  ներկայացուց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պատմութեան ընթացքին, մշակութային, կրթական եւ գրական ոլորտներուն կարեւորագոյն իրագործումները, որոնք սատար հանդիսացան մշակոյթի եւ կրթութեան ծաղկման ու զարգացման:Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պատմութեան ընթացքին, ռազմական եւ քաղաքական ձեռքբերումներուն կողքին, մշակութային եւ կրթական ոլորտները առանցքային դեր ունեցան պետականաշինութեան եւ հայրենակերտման աշխատանքներու գործընթացին մէջ: Զեկուցաբերը իր նիւթը բաժնած էր երեք գլխաւոր մասերու: Ան նախ ներկայացուց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ժամանակաշրջանին կրթութեան ոլորտին պարզած վիճակը, ապա անդրադարձաւ մշակութային կեանքին, այնուհետեւ իր զեկուցումը փակեց ընդհանուր եզրակացութեամբ մը:

Զեկուցաբերը ընդգծեց, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր այրերը աշխարհաքաղաքական շատ դժուար պայմաններու մէջ, ինչպէս նաեւ հարիւր հազարաւոր գաղթականներու եւ համաճարակներու առկայութեան, ստիպուած էին զերօ կէտէն բարձրացնել պետութեան հիմերը, եւ այս մարզին մէջ ուշադրութեան առարկայ դարձած առաջին ոլորտը կրթութիւնն էր: Զարմանալի չէ, որ հանրապետութեան հիմնադրութենէն կարճ ժամանակ ետք նախաձեռնուեցաւ կրթական համակարգի կարգաւորման: Մինչ այդ գոյութիւն ունեցած ծխական վարժարանները յատուկ օրէնքով պետականացան, ձեռնարկուեցաւ հանրապետութեան տարածքին դպրոցական հսկայական ցանցի մը ստեղծման: Շահան Գանտահարեան` անդրադառնալով կրթական ձեռքբերումներուն, պատմական վիճակագրական տուեալներ ներկայացուց դպրոցներու եւ աշակերտութեան թիւերուն մասին:

Անկասկած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կրթական մեծագոյն իրագործումը կը մնայ Երեւանի պետական համալսարանին հիմնադրութիւնը: Հայաստանի այս մայր համալսարանին բացումը կատարուեցաւ 31 յունուար 1920-ին, Ալեքսանդրապոլի (ներկայիս Գիւմրի) առեւտրական դպրոցի շէնքին մէջ` շուտով փոխադրուելու համար Երեւան: Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիրներուն թափած ջանքերուն եւ հեռատես քաղաքականութեան շնորհիւ աշխարհի տարբեր կողմերէն հայ գիտնականներ եւ մտաւորականներ եկան Հայաստան եւ դասախօսեցին պետական համալսարանին մէջ:

Մշակութային բնագաւառին մէջ եւս Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր հայրերը նախաձեռնող եղան: Շ. Գանտահարեան մանաւանդ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ այս ժամանակաշրջանին պետական պաշտօնէութեան համար հայերէնը պարտադիր լեզու դարձնելու քայլին: Զեկուցաբերը նշեց, որ բարձրագոյն մակարդակի վրայ` լուսաւորութեան նախարարի մակարդակով, հայ գրողներ պետական հովանաւորութեան արժանացան: Այս ժամանակաշրջանին է նաեւ, որ ժողովրդային լուսաւորութեան թափ տալու համար հանրապետութեան զանազան շրջաններուն մէջ կը կազմակերպուէին զանազան նիւթերով ժողովրդային լսարաններ եւ դասախօսութիւններ: Աննախադէպ վերելք ապրեցան մամուլը եւ լրագրական կեանքը: Այդ ժամանակաշրջանի պարբերական մամուլը իր մէջ ընդգրկած է 3 բաժանմունքներ`պաշտօնական, կուսակցական եւ անկախ: Նաեւ կարեւորութիւն տրուեցաւ պետական գործունէութիւնը հասարակութեան, ըստ կարելւոյն, թափանցիկ դարձնելուն, անոր համար ալ Սիմոն Վրացեան անձամբ 1918-ին  նախաձեռնեց «Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան նախակարապետին` Հայկական հեռագրական գործակալութեան հիմնադրութեան:

Եզրակացնելով իր զեկուցումը` Շահան Գանտահարեան նշեց, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր այրերուն` կրթութեան եւ մշակոյթին կարեւորութիւն տալուն դրսեւորումներէն մէկն էր նաեւ, որ հանրապետութեան խորհրդայնացումէն ետք անոնք նոյն գործը շարունակեցին սփիւռքեան պայմաններուն մէջ` հիմնելով Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը:

Զեկուցումէն ետք մասնակիցները առիթ ունեցան իրենց հարցումները ուղղելու օրուան զեկուցաբերին, ծաւալեցաւ բաւական հետաքրքրական զրոյց` ներկայացուած նիւթին շուրջ: Մասնակիցները նշեցին, թէ այս նիւթով դասախօսութիւնները կամ զեկուցումները հազուադէպ են մեր հայկական իրականութեան մէջ, անոր համար ալ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ժամանակաշրջանին կրթութեան եւ մշակոյթի բնագաւառներուն պարզած վիճակին մասին լսարանները, դասախօսութիւնները եւ մամլոյ հրապարակումները պէտք է յաճախակի ըլլան:

ՀԱՄԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆ

Previous Post

Virologists publish new findings on SARS-CoV-2 treatment option

Next Post

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումէն 11 Ամիսներ Ետք Զոհերուն Հարազատները Կը Շարունակեն Պահանջել Արդարութիւնը

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.