Եօթ տարի առաջ, Իսթանպուլի մէջ, ստահակի մը արձակած փամփուշտներով զգետնուեցաւ «Ակօս» հայկական շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր, հասարակական գործիչ Հրանդ Տինքը: Մարդասպանը անմիջապէս փախուստ տուաւ ոճիրին վայրէն:
Իր գործունէութեամբ լայն ճանաչում ձեռք բերած Հրանդ Տինք, յաճախակի սպառնալիքներ կը ստանար անծանօթ հոսանքներէ: խորքային Թուրքիոյ վարիչներուն խորթ կը թուէին Տինքի մօտեցումները: Իշխանութիւնները նոյնպէս կը հալածէին Տինքը՝ թուրք ազգին վիրաւորելու մեղադրանքով եւ սակայն եւրոպական կառոյցներու ճնշման տակ, անոր դէմ արձակուած բանտարկութեան վճիռը փոխարինուած էր պայմանական ազատազրկմամբ: Թրքական դատարանի կարծիքով, թուրք ազգին հասցուցած վիրաւորանքներուն մէջ, Հրանդ Տինք բացայայտօրէն խօսած էր Հայոց դէմ կազմակերպուած եւ գործադրուած ցեղասպանութեան մասին: Տինքի սպանութիւնը խորքային Թուրքիոյ այլատեացութեան, անհանդուրժողութեան եւ պատմական ճշմարտութիւններէ խուսափելու ամենավառ ապացոյն էր:
Հրանդ Տինք կը խօսէր Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան, խօսքի ազատութեան, փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան մասին: Ան համոզուած էր, որ պահանջած բարեկարգութիւններուն լոյսին տակ, հայ եւ թուրք ժողովուրդները կարելիութիւն պիտի ունեան ապրելու կողք-կողքի՝ եւ չենթարկուիլ պատմական ճնշումներու:
Հակառակ եւրոպական, թրքական հասարական բազմաթիւ մարդասիրական, իրաաւաբանական, հասարակական կազմակերպութիւններու միջամտութեան, Հրանդ Տինքի դատավարութիւնը կը շարունակուի ամօթալի եւ զաւեշտային յայտնութիւններով: Սպանութենէն եօթ տարիներ ետք, թրքական ատեանը, կառավարութիւնը անզօր կը մնան բացայայտելու իսկական յանցագործները: Ճշմարտութիւնները խեղաթիւրելու, ժամանակի վրայ դրուած միտումնաւոր այս գրաւը առաջին հերթին ապացոյց, է՝ որ թուրքը, ուր ալ գտնուի, որ յարկի տակ ալ ապրի, ինչպիսի ժամանակներու մէջ ալ գտնուինք, կը մնայ թուրք: Յանցագործները պահպանելու, թրքական ատեանին անհիմն եւ խուսափողական պատճառաբանութիւնները, սնանկ փորձեր են պարզապէս:
Սակայն խորքային Թուրքիոյ ընդյատակեայ վարիչները պիտի իմանան, որ շրջանային փոխյարաբերութիւնները եւ այսօրուան Թուրքիոյ իրավիճակը կը տարբերին անցեալէն: Աշխարհաքաղաքական զարգացումները նոր իրականութիւններու առջեւ դրած են Աթաթուրքի ժառանգորդները եւ Արաբական Գարնան նախատիպով Թրքական Ձմեռ մը կը սպառնայ անոնց: Մեծ դատաստանի մը ինքնաբացարկի հրամայականին առջեւ կը գտնուի թուրք ժողովուրդը այսօր, նախ՝ ինք իր հետ, ապա՝ միջազգային հանրութեան:
Ժողովրդավար, աշխարհիկ, խօսքի եւ կարծիքի ազատութեան, փոքրամասնութեանց իրաւունքները երաշխաւորող, պատմութեան առջեւ իր պատասխանատուութիւնը ստանձնելու պատրաստ Թուրքիա մը կը պահանջէր Հրանդ Տինք իր գաղափարակիցներուն հետ: Կեղծիքը, այլամերժութիւնը, ժխտումն ու անհանդուրժողականութիւնը չէին կրնար դառնալ վաղուան Թուրքիոյ ուղեցոյցը: Կանխատեսելով Թուրքիոյ հասարակութեան սպառնացող վտանգը, Տինք՝ բարեկարգութիւններու մէջ կը տեսնէր իր մտահոգութիւններուն փրկութիւնը: Անոր գաղափարները խորթ թուեցան շատերու: Պատմութիւնը պիտի հաստատէ, թէ որքա՜ն ճշմարիտ ու անկեղծ էր Հրանդ Տինք իր արտայայտութիւններուն մէջ, միաժամանակ, որքան՝ հեռատես ու արդարամիտ: Ուրացումը, կեղծիքը, ճշմարտութիւնները հարազատ Ժողովուրդէն պահելու սին փորձերը չեն կրնար դառնալ ժողովրդավար պետականութեան նախատիպ: Անոնք ի վերջոյ պիտի հասցնեն թուրք պետականութեան քայքայման եւ անոր աշխարհագրական բաժանումին…:
Որքա՜ն ճիշդ ու հեռատես էր Հրանդ Տինք: Այո, անշուշտ հաճելի պիտի չըլլար լսել անոր ձայնը, բայց պիտի գայ այն օրը եւ Արդարութեան կոչնակը պիտի ղօղանջէ Հրանդ Տինքի մարգարէաշունչ կեցուածքներուն ճշմարտացիութիւնը:
Հրանդ Տինքը ինկաւ: Հրանդ Տինք ծնաւ հարիւր հազարաւոր հետեւորդներ: Հետեւորդներ, որոնք Տինքի կեցուածքներուն մէջ տեսան թուրք հասարակութեան փրկութիւնը: Այսօր, անոնք ամէն տեղ, բարձրաձայն եւ հպարտութեամբ կը բացագանչեն՝ « ՄԵՆՔ ՀԱՅ ԵՆՔ», « ՄԵՆՔ ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ ԵՆՔ», «ԲՈԼՈՐՍ ՀՐԱՆԴ ԵՆՔ», « ԲՈԼՈՐՍ ՀՅ ԵՆՔ, ԱԽՊԱՐԻԿ», «ԲՈԼՈՐՍ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ» հետ:
Ժամանակի գրաւը չի կրնար լռեցնել Հրանդ Տինքի նման հեղինակութիւններու Ձայնը: ՊԻՏԻ ԱՊՐԻ ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԸ
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ