Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի կրօնական ժողովը 29 Ապրիլին որոշած է դիմում ներկայացնել Սթամպուլի նահանգապետարան նոր պատրիարքի ընտրութիւններ կազմակերպելու համար: Այս մասին կը յայտնէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը:
Կրօնական ժողովի ընթացքին տեղի ունեցած գաղտնի քուէարկութեամբ 5 կողմ ձայնով որոշուած է, որ ընտրական գործընթացը պիտի իրականացուի Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանի ղեկավարութեամբ: Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը պատրիարքական տեղապահի ընտրութեամբ սկսելու տարբերակը չէ ընդունուած. ատոր կողմ քուէարկած է կրօնական ժողովի 3 անդամ:
«Որոշուած է առանց յապաղելու դիմել Սթամպուլի նահանգապետարան»,- կ՛ըսուի կրօնական ժողովի որոշումին մէջ:
Պոլսոյ մէջ 8 Մարտին, 62 տարեկանին վախճանած էր Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեան: Ան Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի պաշտօնը կը վարէր 1998 թուականէն: 2008 թուականէն, Մութաֆեան,հիւանդութեան պատճառով կը գտնուէր Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ հայկական հիւանդանոցը: Պատրիարքը անգիտակից վիճակի մէջ բժիշկներու խնամքին տակ էր եւ չէր կրնար իրականացնել իր պարտականութիւնները։ Այդ իսկ պատճառով 2010-էն պատրիարքական փոխանորդ նշանակուած էր Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան: