ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան 16 Յուլիսին ընդունեց Ռուսիոյ զինուած ուժերու ընդհանուր փոխհրամանատար, զօրավար-գնդապետ Սերկէյ Իսթրաքովը:
Փաշինեան բարձր գնահատեց պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ոլորտին մէջ հայ-ռուսական համագործակցութիւնը եւ կարեւոր նկատեց հետագայ արդիւնաւէտ փոխգործակցութիւնը:
Զրուցակիցները քննարկեցին հայ-ատրպէյճանական սահմանին ստեղծուած իրավիճակը, երկու երկիրներու բանակի ընդհանուր հրամանատարութեան միջեւ փոխգործակցութեան օրակարգը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերող հարցեր:
Այս նիւթերը քննարկումի նիւթ դարձան նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Վերշինինի եւ Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Վարդան Տողանեանի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին։ Քննարկուեցան միջազգային եւ տարածաշրջանային օրակարգի արդիական հարցեր, որոնց կարգին՝ զանազան բազմակողմանի հարթակներու վրայ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի փոխգործակցութիւնը:
Յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ ՄԱԿի համակարգի միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու եւ գործակալութիւններու ներգրաւմով` Լեռնային Ղարաբաղի հիմնարցի լուծման: