ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 15 Յուլիսին, հայ-ատրպէյճանական սահմանային վիճակը յարաբերաբար հանգիստ եղաւ։ Այս մասին յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան։
«Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ ան գրած է, որ սահմանին վրայ կը պահպանուի զինադադարը: Դէպքեր եւ թիրախաւորուած կրակոցներ չեն արձանագրուած: Իրավիճակը սահմանին ամբողջ երկայնքով Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու ամբողջական վերահսկողութեան տակ է:
Ան կոչ կ՛ուղղէ՝ ուշադրութիւն չդարձնելու Հայաստանի զինուած ուժերուն մասին պարբերաբար ապատեղեկատուութիւն տարածող ատրպէյճանական քարոզչական հրապարակումներուն:
Ըստ անոր՝ ծաւալած գործողութիւններուն ընթացքին տարբեր աստիճանի վիրաւորուած տասը զինուորներ այժմ բուժում կը ստանան: Մէկ զինուոր ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ է: Հինգ զինուորներու վիճակը կը գնահատուի միջին ծանրութեան` դրական փոփոխութիւններով: Միւսները յառաջիկայ մէկ շաբաթուան ընթացքին կրնան վերադառնալ իրենց շարքերը:
Ատրպէյճանական կողմը 12-14 Յուլիսի կէսգիշերին, 50է աւելի արկ կիրարկեց հայկական բնակավայրերու ուղղութեամբ: Այս մասին 15 Յուլիսին Իջեւանի ճգնաժամային տեղեկատուական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ պաշտպանութեան նախարարութեան Վազգէն Սարգսեանի անուան զինուորական համալսարանի հրամանատարական բաժինի պետ Արծրուն Յովհաննիսեան:
Ան ցոյց տուաւ այդ արկերու բեկորներէն մէկը՝ նշելով, որ նման շատ բեկորներ գտնուած են: «Ճիշդ է, կը պահպանուի զինադադարի
դրութիւնը, բայց մեր զինուած ուժերը բարձր մարտունակութեան մէջ են, զգօն են, բոլորովին կը տիրապետեն իրավիճակին, կը հետեւին թշնամիի զարգացումներուն եւ պատրաստ են թշնամիին որեւէ սադրաքին` ցամաքային թէ օդային, անհրաժեշտ հակահարուած տալու», ըսաւ Յովհաննիսեան՝ աւելցուցնելով, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը, որոնց կարգին` սահմանային ծառայութիւնը, վերջին օրերուն Տաւուշի ուղղութեամբ կիրարկած են իրենց բանակային կեդրոնին մէջ եղած գրեթէ ամբողջ զինանոցը, բացառութեամբ քանի մը միջոցներէ։ Անոնք են, մասնաւորապէս, բոլոր տրամաչափի, բոլոր տեսակի հրաձգային զէնքերը` գնդացիրներ, ականանետներ եւ այլն, հրետանային միջոցներ՝ 122 եւ չի բացառուիր նաեւ աւելի մեծ տրամաչափերու: Հարուածային թռչող սարքերէն, ըստ էութեան, եթէ չեմ սխալիր, մենք առաջին անգամ կը տեսնենք իսրայէլական այդ տեսակը, մինչ այդ կիրարկուած են այլ տեսակի հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր:
Ան բարձր գնահատեց զինուած ուժերուն կողմէ ատրպէյճանական անօդաչու թռչող սարքեր խոցելու արդիւնաւէտութիւնը՝ նշելով, որ մեր զինուած ուժերուն ամբողջ ստորաբաժանումը խոցած է թշնամիի 13 անօդաչու թռչող սարքեր, որոնցմէ 10ն` հարուածային եւ 3ը` հետախուզական: Ասիկա բաւական բարձր ցուցանիշ է արդիւնաւէտութեան տեսանկիւնէն:
Ան հաստատեց, որ 14 Յուլիսին, երեկոյեան ժամը 6ի դրութեամբ՝ իրավիճակը հայ-ատրպէյճանական սահմանին լարուածութիւնը աստիաճանականօրէն նուազած է, իսկ կէսգիշերէն ետք կրակոցները գրեթէ բոլորովին դադրած են: