13 յունուար 2021-ին Սուրիոյ Արաբ գրողներու միութիւնը յատուկ հանդիսութեամբ մը պարգեւատրեց 2015-2020 թուականներուն` 9-րդ շրջանին հրատարակուած պարբերականներու խմբագրական կազմերու անդամները:
Այս առիթով, Սուրիոյ Արաբ գրողներու միութեան նախագահ Մալեք Սաքքուր պարգեւատրեց համաշխարհային գրականութեան պարբերականի խմբագրական կազմի անդամ սուրիահայ երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեանը` անոր ունեցած գրական մեծ ներդումին համար:
Մեր ջերմ շնորհաւորութիւնները դոկտ. Նորա Արիսեանին, այս նոր նուաճումին առիթով։