ԱՒԵՏԻՔ ԱԲՂ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Յօդուածին վերնագիրը կրնայ ոմանց համար մեծ թուիլ, ուրեմն որքան աւելի մեծ անհրաժեշտութիւն է անոր իրագործումն ու կատարելագործումը: Մտահոգութեան աղբի՞ւր: Այո՛: Այդ մտահոգութենէն մեկնած էր, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ 2022 տարին հռչակեց «ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ»: Նորին սրբութիւնը սփիւռքի տարուան պատգամին մէջ կ՛ըսէ. «Մեր վերջին գիրքին տուած ենք «Նոր հորիզոններու դիմաց» խորագիրը: Պատահական չէ այս խորագիրը»: «Պատահական չէ այս խորագիրը», որ մեզի ցոյց կու տայ Վեհափառ Հայրապետին որոշումներու ո՛չ պատահական ըլլալու փաստարկումը: Եւ կարծէք հայրապետը սփիւռքի մաշումը երկար ժամանակ նկատելէ, դիտելէ եւ անոր մասին խորհելէ ետք, 2022 տարին հռչակեց «ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ», այլ խօսքով, ատիկա պատահական չէ՛ր:
Ի՞նչ յոյսեր ու սպասումներ կան: Իւրաքանչիւր հայ անհատ բնականաբար ունի եւ պիտի ունենայ իր իւրայատուկ գաղափարներն ու կարծիքները, որոնք յարգելի են: Այդ գաղափարներն ու կարծիքները ի մի խմբելով` պիտի դառնանք մէկ բռունցք, այսինքն` վերակազմակերպուած սփիւռք: Այստեղ, որպէս երիտասարդ հայ հոգեւորական` փափաքն ու պարտականութիւնը կը զգամ ձայնակցելու այն կոչին, զորս կը կատարեն համատարած սփիւռքի տագնապող գրիչները:
Օրինակը, որ պիտի դնեմ քննարկման սեղանին վրայ, թթուածինն է:
Ինչո՞ւ թթուածինը:
Երբ ճամբու ընթացքին զգաս կամ նկատես ետեւդ կայ մարդասպան մը, որ կ՛ուզէ քեզ սպաննել, ուրեմն չես գիտնար, թէ ուրկէ կու գայ քեզի արագ վազելու այն ուժը, որով կ՛ուզես տեսնել շէնք մը կամ տուն մը, ուր պիտի կարենաս կեանքդ փրկել, ուր պիտի ըլլայ քու «փրկարանդ», ուր պիտի ըլլայ «թթուածինդ»` կեանքդ շարունակելու համար: Նոյնն էր պարագան Ցեղասպանութեան ընթացքին, երբ մարդասպան ու, աւելի՛ն,` ցեղասպանը կ՛ուզէր ոչնչացնել ազգը մեր, կ՛ուզէր ոչնչացնել մեր գրագէտներն ու ուսուցիչները, երաժիշտներն ու գծագրողները, մշակոյթն ու լեզուն, եկեղեցին ու դպրոցը, հայ տունն ու ընտանիքը… Սակայն սփիւռքը բանալով իր տան դռները` դարձաւ թթուածինը հայութեան: Դարձաւ այն թթուածինը, որով մենք ապրեցանք ու գոյատեւեցինք, որով ապրեցանք ու հայ դպրոց ու եկեղեցի կառուցեցինք, որով ապրեցանք ու հայ գիրք եւ Աւետարան տպեցինք, որով ապրեցանք, լեզու եւ մշակոյթ պահեցինք:
Մենք իրաւունք չունինք այդ թթուածինի գործիքը անջատելու: Մենք իրաւունք չունինք ի գին ամէն զոհողութեան այդ գործիքը պահողներուն ճիգը ի դերեւ հանելու: Իրաւունք չունի՛նք: Երբե՛ք:
Բոլորս կ՛ապրինք նոյն պայմաններուն տակ, նոյն հիւանդութենէն վարակուելու մտավախութենէն` պսակաձեւ ժահրի հիւանդութենէն: Այս անխղճաբար հարուածող հիւանդութիւնը մեզի սորվեցուց, թէ թթուածինը որքա՜ն կարեւոր է մարդու գոյատեւման համար: Որքա՜ն զաւակներ հիւանդանոցէ հիւանդանոց վազելով` թթուածին ապահովելու ճիգը կը կատարէին, որպէսզի իրենց հայրը կամ մայրը ապրի ու գոյատեւէ, որքա՜ն ծնողներ տեղէ տեղ վազեցին, որպէսզի թթուածին ապահովեն, իրենց զաւակին մահը չտեսնելու համար… Այսօր մենք այդ վազքին պէտքը ունինք, չենք կրնար եւ իրաւունք չունինք անտարբեր գտնուիլ այն սփիւռքին հանդէպ, որ դարձաւ մեր գոյատեւման թթուածինը` կեանքը: Մեզմէ իւրաքանչիւրին համար թթուածինը կրնայ տարբեր ճշմարտութիւն կամ իրականութիւն մը ըլլալ. մէկուն համար` գիր-գրականութիւն, միւսին համար` երաժշտութիւն ու արուեստ, այլ հայ անհատի մը համար` Հայ դատ ու հայապահպանում եւ այլն: Սակայն կարեւորը այն է, թէ ի՛նչ ձեւով կամ միջոցով ալ ըլլայ ատիկա, դառնանք շո՛ւնչը սփիւռքին:
Մեզմէ շատեր կորսնցուցին իրենց ամէնէն սիրելին, թանկագինը` հայրը, մայրը, եղբայրը, քոյրը, ընկերը, հարազատը, որովհետեւ չկարողացան թթուածին ապահովել, եւ յետոյ ի՞նչ: Անիծեցին հիւանդութիւնը ու ողբացին… Եթէ այսօր մենք` որպէս երիտասարդներ, չվազենք եւ չապահովենք սփիւռքը ապրեցնող թթուածինը, ուրեմն պիտի կորսնցնենք մեր ամէնէն սիրելին ու հարազատը` սփիւռքը, եւ ի՞նչ: Ոսկորները մեր պապերուն ու մայրերուն պիտի անիծե՜ն մեզ, ապա ողբերգական մատեանի մէջ պիտի արձանագրուինք: Ուրեմն, օ՛ն, վազե՛նք, սփիւռքը շնչասպառ է:
Յուսախաբութեան եւ յուսահատութեան հոգեբանութենէ դո՛ւրս գանք. այսպէս` «Սփի՞ւռք մը մնաց», «Սփիւռքը արդէն մեռած է», «Հայաստա՞ն մը մնաց», այո՛, մնա՛ց, այո՛, կա՛յ, որոշումը քուկդ է` մեռցնե՞լ, թէ՞ ապրեցնել զայն: Սիրելի՛ ընթերցող, դուն լաւատես ըլլալու կարողութիւնը ունիս…
Եթէ սփիւռքը թթուածինն է հայութեան, ուրեմն Հայաստանը սիրտն է անոր, իսկ Արցախը` հոգին, եւ մենք` հայ անհատներս, զանոնք շնչաւորողներն ենք` ապրեցնել կամ մեռցնել ուզողները:
Այստեղ կը մէջբերեմ Շահան Շահնուրէն տող մը. «Ընկերութիւնը կը կերտուի մեզմով, եւ այդ կառուցումը կը սկսի մե՛ր մէջէն»: Աւետարանն ալ պիտի ըսէր. «Ականջ ունեցողը թող լսէ» (Մատթէոս 11.15):
Բոլորս անխտիր շնորհակալ ենք վեհափառ հայրապետին, որ մեզ միախմբելու, իրար հետ մտածելու եւ մեր գաղափարները սփիւռքի գոյատեւման կլոր սեղանին վրայ դնելու առիթը ընծայեց:
Առ այդ, կ՛աւարտեմ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի «Հաւատքի Առաքելութիւն» գիրքէն առնուած չհինցող տողերով.
«Հերիք է այլեւս անցեալո՛վ միայն հպարտանանք. հերիք է այլեւս անցեալէն մեր ժառանգած արժէքները ու սէմպոլները դրամագլուխի վերածած ներկայանանք մեր շրջապատին:
«Աշխարհը արագընթաց յառաջդիմութեան մէջ է: Համաշխարհայնացումի այս դարաշրջանին մարդիկ չեն նայիր միայն անցեալին, այլ նաեւ` ներկային ու ապագային. ինչ ենք այսօ՛ր, ինչ կը ծրագրենք ըլլալ վաղը: Այս է կենսականը ու հրամայականը:
«Հետեւաբար այլեւս դուրս գանք մեր նեղ պարունակէն ու անցեալին պահակը ըլլալու կրաւորական վիճակէն եւ պատռենք ռոմանթիզմի խաբուսիկ շպարը. այլեւս տեսական սկզբունքներով ու անիրատես մօտեցումներով մեր ժամանակը չվատնենք:
«Մենք պէտք ունինք նո՛ր շունչի ու նո՛ր տեսիլքի` ներկայ աշխարհին մէջ մեր ներկայութիւնը վերահաստատելու եւ մեր ապագան ապահովելու համար»:
Անթիլիաս, 21 յունուար 2022