ՅՈՎԷԼ ՇՆՈՐՀՕՔԵԱՆ
Սեդա Ազնաւուր կ՛երգէ.
«Իմ դրախտիս մէջ կրակ կայ, իմ դրախտիս` Լիբանանի,
Երանի ամբողջ աշխարհը սիրէր իմ դրախտս` Լիբանանը,
Բայց շատեր կը նախանձէին քեզի, Լիբանան,
Իմ սիրելի Լիբանան, դուն սփիւռքի սիրտն էիր»:
Արդարեւ, Լիբանան սփիւռքի բաբախող սիրտն է:
Իր դպրոցները` Հայ աւետարանական քոլեճը, Յովակիմեան-Մանուկեանը, Ճեմարանը, Մեսրոպեանը եւ այլն, սերունդներ պատրաստած են, ներառեալ` Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր մը:
Իր աստուածաբանական հաստատութիւնները` Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը, Մերձաւոր Արեւելքի աստուածաբանական դպրոցը եւ Զմմառի պատրիարքական միաբանութիւնը, արեւմտեան սփիւռքին տուած են հոգեւոր հայրեր:
Հայկազեան համալսարանը, սփիւռքի միակ հայկական համալսարանը, պատրաստած է մանկավարժներ:
Լոյս եւ գիտութիւն տարածած է: Միջին Արեւելքի մէջ առաջին հաստատութիւնը եղած է, ներառեալ` Իսրայէլի եւ Իրանի մէջ, որ 1960-ականներու սկիզբը հրթիռարձակում իրականացուցած է այն աստիճան, որ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրները միջամտած են` կասեցնելու ծրագիրը:
2019-ին սկիզբ առած լիբանանեան տնտեսական ճգնաժամը, անոր յաջորդած «Քորոնա» ժահրը, 4 օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումը, շրջանային ու քաղաքական ճգնաժամը Լիբանանը ծունկի բերած են` նուազագոյն ամսավարձը հասցնելով 25 ամերիկեան տոլարի, ինչը աշխարհի ամենացածերէն մէկն է, եւ իր բնակչութեան 70 տոկոսը, ներառեալ` հայ փոքրամասնութիւնը, ծայրայեղ աղքատութեան, որ հերթի կը կանգնի հաց գնելու համար:
Մինչ Եթովպիոյ մէջ քաղաքական վտանգաւոր ապակայունացում կը տիրէր 1991-ին, Իսրայէլ եւ հրէական կազմակերպութիւնները ի մի եկան, ծրագրեցին, ֆինանսաւորեցին եւ իրականացուցին 14.325 եթովպացի հրէաներու տեղափոխումը Իսրայէլ` 36 ժամ անընդմէջ թռիչքներով:
Մեր ժողովուրդին պարագան տարբեր է ֆալաշաներու պարագայէն, որոնք մեծ մասամբ ագարակապաններ էին եթովպական լեռնաշխարհին մէջ, մինչդեռ արեւմտեան սփիւռքի բաբախող սիրտը` Լիբանան, ռազմավարական նշանակութիւն ունի ազգին համար:
Դուք ձեզի հարցուցա՞ծ էք, թէ ինչո՛ւ հրէական կազմակերպութիւնները եւ, ամենայն հաւանականութեամբ, Իսրայէլի պետութիւնը կը ֆինանսաւորեն Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ իտիշ մշակոյթը: Գիտէ՞ք, թէ քանի՛ իտիշ ֆիլմեր կան «Netflix»-ի մէջ:
Ճիշդ է, որ հայերէն խօսիլը պարտադիր պայման չէ հայ ըլլալու, բայց եթէ ժողովուրդ մը զրկես իր մշակոյթէն, ան կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը, որմէ ետք ան լրիւ կը կորսուի:
Եւ Աստուած մի՛ արասցէ, եթէ յանկարծ մեր երկփեղկուած ծառի ճիւղերէն մէկը չորնայ, կը վտանգուի երկրորդ ճիւղը, իսկ յետոյ` ամբողջ ծառը:
Սփիւռքը չէ սպառած: Պէտք է պարզապէս հաւաքական գիտակցութեամբ համախմբուի, օրակարգ սահմանէ եւ գործի անցնի: Օրակարգի խնդիրներէն պէտք է ըլլայ լիբանանահայ համայնքին տէր կանգնիլ:
Մեզի անհրաժեշտ է աշխատանքային խումբ մը` կատարելու ռազմավարական կշռադատուած ուսումնասիրութիւն մը` ապահովելու Լիբանանի եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մեր համայնքներու բարեկեցութիւնը, ամրապնդելու մեր հաստատութիւնները` արեւմտահայ ժառանգութեան պահպանման հեռանկարով:
Մեր ժողովուրդը յայտնի է որպէս ստեղծագործ ու աշխատասէր: Բայց պէտք է յարմարինք համաշխարհային հոլովոյթին. որոշ առեւտուրներ անկում կ՛ապրին, ուրիշներ` վերելք: Մենք պէտք ունինք ղեկավարութեան` առաջնորդելու, ձեռնարկատէրերու` աշխատատեղեր հիմնելու եւ նոր աշխատատեղերու մէջ մարդիկ պատրաստելու: Մեզի խորհրդատուներ պէտք են, որպէսզի մեր երիտասարդութիւնը յստակ պատկերացում կազմէ հեռավար աշխատանքներու մասին, ինչպիսիք են` 100.000 ֆրանսացի ուսանողներու առաջարկուող աշխատանքները Side-ի կամ Upwork-ի կողմէ, որ 17 միլիոն օգտատէր ունի:
Ելեկտրականութեան մատակարարումը, որ լուրջ խնդիր է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, այստեղ որպէս խոչընդոտ կը ներկայանայ: Մեր դպրոցներուն վառելանիւթ գնելու միջոցներ հայթայթելու փոխարէն` մենք պէտք է մեր բոլոր հաստատութիւնները զինենք արեւային մարտկոցներով, գրադարաններ տեղադրենք, ուր մեր երիտասարդները կարենան երթալ եւ աշխատիլ իրենց դիւրաթեք համակարգիչներով:
Բացի այդ` մենք կրնանք ծրագրել հողմաշարժիչներ տեղադրել` ելեկտրականութիւն մատակարարելու Այնճարին, Քեսապին եւ անոնց հարեւան ոչ հայկական շրջաններուն` այդպիսով քաղաքական յառաջխաղացք մը արձանագրելով. մենք կրնանք ծրագրել ու իրականացնել 5 միլիոն եւրոյի ներդրում` Պուրճ Համուտ կուտակուած թափօնները ճահճակազի վերածելու համար: Այստեղ նուիրատուութեան մասին չենք խօսիր, այլ` ներդրումի, որ պիտի վերադարձուի 5-7 տարի ետք:
Վերոնշեալներէն ամենապարզը մեր դպրոցներուն մէջ արեւային մարտկոցներու տեղադրումն է, ինչը, սակայն, կը պահանջէ նախնական ուսումնասիրութիւններ, աղբիւրներու հաւաքում եւ գործադրում: Այսպիսի նախաձեռնութիւն մը աւելի դիւրին պիտի ըլլար իրականացնել, եթէ համախմբուէինք եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ հաստատուած ՄԱՍՏԱՐ-ի նման ընկերութեան հետ գործակցաբար ընդհանուր նախագիծ կազմէինք` 100 շէնք վերազինելու Լիբանանի եւ այլ երկիրներուն մէջ, ուր ելեկտրականութեան պակաս կայ:
Կը վկայակոչեմ պարոն Յարութ Սասունեանի` ամերիկահայ վեց մեծ կազմակերպութիւններէ բաղկացած միաւոր կազմելու նախաձեռնութիւնը, իր զրոյցը ՀԲԸՄ-ի ատենի նախագահ հանգուցեալ տիկին Լուիզ Սիմոնի հետ, որ անմիջապէս համաձայնած էր միանալ, որուն հետ միասին միւս բոլոր հինգ խումբերը` միեւնոյն ժամուն: 1989-ին էր այդ, երբ երկրաշարժի պատճառով հաւաքական արթնութիւն ստեղծուած էր: Այդ միասնական գործողութեան շնորհիւ հիմնուած խումբը յաջողեցաւ Հայաստան եւ Արցախ ուղարկել 947 միլիոն տոլարի մարդասիրական օգնութիւն` աջակցութեամբ պարոն Քըրք Քըրքորեանի, որ գնահատած էր այդ միասնութիւնը:
Մարտահրաւէրը ֆինանսաւորումը չէր, այլ` միաւորումը, միասնական ոգին:
Ես կոչ կ՛ուղղեմ Լիբանանի հայկական գլխաւոր կազմակերպութիւններուն, որ իրենց մայր կազմակերպութիւններուն աջակցութեամբ հիմնեն միացեալ հիմնադրամ մը, ուր իւրաքանչիւրը երկու լուման դնէ` մամլոյ հաղորդագրութեամբ յայտարարելով իր համագործակցութեան մասին: Այն ժամանակ սփիւռքները պիտի լսեն ու փրկեն սփիւռքի բաբախող սիրտը:
Յունուար 2021