Կազմակերպութեամբ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Աղքատախնամ մարմինին, Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման 100-ամեակին եւ Արցախի ազատագրական շարժման 30-ամեակին առիթով, երէկ` ուրբաթ, 22 յունիսի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ազգային եւ հայրենասիրական երգերու երեկոյ:
Սրահի մուտքին Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանը կրող զարդասեղներ բաժնուեցան բոլորին:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք կազմակերպիչ մարմինին անունով տոքթ. Ճորճ Կիւլեսերեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն ըսաւ, թէ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Աղքատախնամ մարմինը` մեկնելով եկեղեցւոյ նշանաբանէն` «Հաւատք, կամք, ծառայութիւն», եւ նկատի ունենալով իր մարդասիրական առաքելութիւնը, ուզած է կազմակերպել ձեռնարկ մը եւ անոր հասոյթը տրամադրել ազգի կարօտեալ զաւակներուն` աւելցնելով, որ ներկայիս երկրի տնտեսական դժուար պայմանները զիրենք կը դնեն յաւելեալ պարտաւորութեան դիմաց` նեցուկ կանգնելու ազգի զաւակներուն: Ան յայտնեց, որ յարմար գտած են, որ սոյն ձեռնարկը ընդգրկէ զոյգ սրբազան տարեդարձներու` Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման 100-ամեակին եւ Արցախի ազատագրական շարժման 30-ամեակին դրոշմը: Եզրափակելով իր խօսքը` տոքթ. Ճորճ Կիւլեսերեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին ձեռնարկի յաջողութեան եւ յատկապէս Մեսրոպ Ա. քհնյ. Քէրքէզեանին, առանց որուն կարելի պիտի չըլլար իրականացնել սոյն ձեռնարկը:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան հետեւեալ արուեստագէտները` ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի եւ իր նուագախումբին. Մարալ Շաննագեան-Ադամեան, որ մեկնաբանեց «Մարտիկի երգը», «Կռունկ գնա՛» եւ «Ղարաբաղ» երգերը, Կարինէ Աբրահամեան-Անդրանիկեան` «Բարի Արագիլ», «Հայաստան աշխարհ», «Երեւան իմ մայր քաղաք» եւ «Արփա-Սեւան» երգերը, Ղազար Քէօշկերեան` «Տուն իմ հայրենի» երգը, Յովիկ եւ Ղազար Քէօշկերեաններ միասնաբար մեկնաբանեցին «Պիտ պաշտպանեմ» եւ «Երկիր նայիրեան» երգերը, Շուշան Սարգիսեան` «Երեւան» երգը, Արմիկ Քէրքէզեան` «Երազ իմ երկիր», «Իմ Անի», «Աշտարակ», «Պիտի գնանք» եւ «Հսկայ երկիր էր» երգերը:
Կարճ դադարէ մը ետք Լիւսի Չամսարեան ջութակի վրայ նուագեց «Պատերազմ ենք գնում», «Աղբերս ու ես» եւ «Արցախ» (Արա Գէորգեան) երաժշտական կտորները, Մինաս Ադամեան մեկնաբանեց «Երեւանս», «Լեռներ հայրենի», «Բարեւ Հայաստան», «Կենաց երգ», «Անցնինք Սասուն» երգերը, Շաքէ Պաղտասարեան` «Ղարաբաղ», «Հայոց աշխարհ», «Քէլէ լաօ-Մշեցու զաւակ», «Պատերազմ ենք գնում» եւ «Հզօր Հայաստան» երգերը, Նժդեհ Պոտրումեան` «Ղարաբաղցին», «Աղբերս ու ես», «Հայ հերոսների երգը», «Գետաշէն» եւ «Արդեօք ովքե՞ր են» երգերը:
Աւարտին, փոխան փակման խօսքի, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հովիւ Մեսրոպ Ա. քհնյ. Քէրքէզեան ասմունքեց «Հայրենի տուն» քերթուածը` տուտուկի ընկերակցութեամբ Գրիգոր Ֆէնէրճեանի:
Ձեռնարկի եզրափակիչ բաժինով բոլոր ներկաներուն բաժնուեցաւ Հայաստանի եռագոյն դրօշը, իսկ յայտագիրին մասնակցող բոլոր արուեստագէտներն ու ներկայ հանդիսատեսները մեկնաբանեցին «Սարդարապատ» յաղթերգը, մինչ սրահին մէջ կը ծածանէին եռագոյն դրօշները: