ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ուրբաթ, 22 Փետրուարին, հանդիպում ունեցաւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին եւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին հետ:
Ողջոյնի իր խօսքին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ՝ ըստ իրեն, կաթողիկոսներուն հետ իր ունեցած անցեալ հանդիպումներուն կարելի եղած է անկեղծ խօսակցութիւն ունենալ:
«Յատկապէս այս խօսակցութիւնը կարեւոր է մեր երկրի ապագայի վերաբերեալ, մեր ժողովրդի ապագայի վերաբերեալ, որովհետեւ կարծում եմ, որ մեր համազգային օրակարգի քննարկման շատ կարեւոր առաքելութիւն ունենք: Մենք գիտենք մի բան. ե՛ւ մենք, ե՛ւ մեր ժողովուրդը, ե՛ւ մեր եկեղեցին, ե՛ւ մեր հոգեւոր դասը մի բանում համաձայն ենք, որ մենք չենք պարտուելու եւ պիտի յաղթենք այն մարտահրաւէրին յանդիման, որը մեր պետութեան, մեր ժողովրդի առաջ է, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան, Սփիւռքի: Համոզուած եմ, որ այսպիսի շփումը, եկեղեցու հետ մեր յարաբերութիւնները եւ շփումը, քննարկումներն այս հարցում ունեն կարեւոր եւ վճռական նշանակութիւն»:
Գարեգին Բ. կաթողիկոսը իր խօսքին մէջ նշեց, որ Արամ Ա. կաթողիկոսը քանի մը օր է, որ արդէն կը գտնուի Հայաստան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, եւ երկու կաթողիկոսները միասնաբար քննարկած են եկեղեցւոյ եւ ազգային կեանքին առջեւ ծառացած զանազան հարցերը։
«Արամ կաթողիկոսին, անշուշտ, մենք ներկայացրեցինք, որ ձեր հրամանով ստեղծուած է մի յանձնախումբ պետութեան եւ եկեղեցու միջեւ առկայ հարցերն ուսումնասիրելու, քննելու եւ դրանք բարւօք լուծման առաջնորդելու: Նաեւ, բնականաբար, մենք անդրադարձանք մեր եկեղեցու առաքելութեանը, մեր ազգային կեանքում, մեր հոգեւոր կեանքում՝ կարեւորելով մեր գործունէութիւնը մեր ժողովրդի հոգեւոր միասնութեան, մեր ժողովրդի ազգային միասնութեան, ինչպէս նաեւ մեր երկրի կեանքի առաջընթացի համար: Մենք ընդգծեցինք, մասնաւոր կարգով, անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի մեր երկրում տիրի կայունութիւնը, տիրի սիրոյ մթնոլորտը: Եւ հայ եկեղեցին այս առումով, ինչպէս ողջ մեր պատմութեան ընթացքին, երբ ունեցել ենք պետութիւն, պետականութիւն, միշտ եղել է պետութեան կողքին եւ իր զօրակցութիւնն է բերել պետութեան ապահով, անվտանգ գոյութեանը եւ նրա ազգանուէր գործունէութեանը: Այս աշխատանքները մենք այլ առիթներով էլ բազմիցս ասել ենք, որ Հայ առաքելական եկեղեցին պիտի շարունակի նոյն նախանձախնդրութեամբ, որպէսզի մեր ժողովուրդը կարողանայ միասնական ջանքերով յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները, բոլոր խնդիրները, որոնք ծառացած են այսօր մեր երկրի, մեր պետութեան եւ աշխարհասփիւռ մեր ժողովրդի առջեւ: Բնականաբար, դա թէ՛ Արցախի անկախ պետականութեան ճանաչման հարցն է, թէ՛ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ թէ մեր երկրի կայուն, ապահով, առաջընթաց կեանքը»:
Այնուհետեւ Արամ Ա. ըսաւ. «Ահաւասիկ սա մեր երկրորդ հանդիպումն է, եւ այս անգամ աւելի պաշտօնապէս՝ որպէս վարչապետ ողջունում եմ ձեր առաքելութիւնը, որովհետեւ հայրենակերտումին նուիրուած որեւէ անձի գործը սովորական իմաստով գործ չէ, այլ իր էութեամբ եւ նպատակով առաքելութիւն է, եւ այդ առաքելութիւնը պէտք է կատարուի կոչումի գիտակցութեամբ: Եւ ես վստահ եմ, որ այս գիտակցութեամբ դուք լծուած էք այս առաքելութեանը՝ ձեր շուրջն ունենալով պատասխանատուներ, երիտասարդ տարրեր նոյն առաքելութեան ճանապարհին: Հետեւաբար, ձեզ մաղթում եմ ամենայն բարիք եւ ամբողջական յաջողութիւն, ինչպէս միշտ ասել եմ, կը կրկնեմ. ձեր յաջողութիւնը հայրենիքի յաջողութիւնն է, հայրենիքի յաջողութիւը մեր ամբողջ ազգի յաջողութիւնն է, որովհետեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններից անդին յարաբերաբար Սփիւռքին որոշ պատասխանատուութիւններ ունի: Հետեւաբար, ես ձեր առաքելութիւնն աւելի համապարփակ կերպով եմ տեսնում: Իմ սպասումս է, որ ժողովրդի սպասումները, կարիքները հանգրուանային կերպով իրագործուեն: Այդ յանձնառութեամբ դուք այս առաքելութեանը լծուեցիք եւ ձեր բոլոր հրապարակային խօսքերի մէջ կարեւորութեամբ շեշտեցիք, որ ժողովրդից էք գալիս, ժողովուրդն է իշխանութիւնը, եւ ժողովրդի սպասումներն են, որոնք պէտք է մղիչ ուժը դառնան ձեր եւ կառավարութեան առաքելութեան: Բնականաբար, պէտք է լինել իրատես. չի կարելի անմիջականօրէն զգացութիւնը պայծառակերպել եւ այդ սպասումներն իրագործել: Եւ այս ընթացքի մէջ նաեւ իմ սպասումս է, որ կարեւորութեամբ շեշտէք բազմակարծիքութեան բերելիք նպաստը ձեր առաքելութեամբ՝ թէ՛ խորհրդարանից ներս, թէ՛ խորհրդարանից դուրս:
Տարբեր կարծիքներ ունենալը հարստացուցիչ է՝ պայմանով, որ դրանք ինչ որ տեղ իրար հետ հանդիպեն, իրար հետ շփուեն՝ մեր համազգային արժէքների եւ իդէալների շուրջ: Պէտք է այնպէս անել, որ մենք բեւեռացումներ չառաջացնենք: Եթէ կան բեւեռացումներ, այդ բեւեռացումները պէտք է կամրջուեն նոյն արժէքների շուրջ: Եւ այս ուղղութեամբ եկեղեցու դերը ես շատ կարեւոր եմ համարում: Ուրախ եմ, որ ձեր խօսքի մէջ կարեւորութեամբ անդրադարձաք եկեղեցու դերին: Վեհափառն ինքն էլ ասաց, որ եկեղեցի-պետութիւն այս յարաբերութիւնները, աւելի ճիշդ՝ գործակցութիւնը, պիտի ասեմ, նկատի ունեմ հրամայական է թէ՛ ազգաշինութեան, թէ՛ հայրենակերտումի իմաստով: Բնականաբար, կան տարբեր կարծիքներ, տարբեր մօտեցումներ: Ինչպէս ասացի, այդ տարբերութիւնները պէտք է դառնան վերջին հաշուով հարստացուցիչ, որովհետեւ մենք բոլորս էլ նոյն օղակի մէջ ենք եւ նոյն ճամբի վրայ ենք գտնւում»: