ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի տագնապին կարգաւորման համար Հայաստանի վարչապետի եւ Ատրպէյճանի նախագահի միջեւ Վիեննայի մէջ կայացած հանդիպման արդիւնքները յառաջխաղացք ապահովելու գծով յոյսեր արթնցուցած են, յայտարարեց Եւրոմիութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Ֆետերիքա Մոկերինի, Ապրիլ 4ին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, ամփոփելով Եւրոմիութիւն-Ատրպէյճան համագործակցութեան խորհուրդին նիստին արդիւնքները:
«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն Վինեննայի մէջ կայացած վերջին հանդիպումը դրական Էր: Անիկա, Յունուարին կայացած Փարիզի համաձայնութեան, բարձր մակարդակի շփումներու, հրադադարի խախտումներու զգալի կրճատման հետ միասին, մեզի որոշ յոյս կու տայ, որ գործընթացը յառաջ կը շարժի, եւ որ երկու երկիրները կը կատարեն պարտաւորութիւնները եւ բանակցութիւններ կը վարեն առանց նախապայմաններու», ըսաւ Մոկերինի:
Յիշեցնենք, որ 29 Մարտին Վիեննայի մէջ կայացած Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպման գլխաւոր արդիւնքը այն էր, որ կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնած էին շարունակելու ուղղակի երկխօսութիւնը՝ Արցախի հակարմարտութեան խաղաղ լուծման համար։