ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Մոսկուա պատրաստ է անհրաժեշտ աջակցութիւնը տրամադրելու Երեւանին եւ Պաքուին՝ Վիեննայի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները իրականացնելու համար,4 Ապրիլին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովա:
«Բանակցային գործընթացը կը շարունակուի, կողմերը ցոյց կու տան խաղաղ կարգաւորման հասնելու պատրաստակամութիւն», ատրպէյճանական «Օ.Էն.Էյ.» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին աւելցուցած է Զախարովա, նշելով, որ այդ պատրաստակամութիւնը ակնյայտ եղած է նաեւ Հայաստանի վարչապետի եւ Ատրպէյճանի նախագահի միջեւ անցեալ շաբաթ Վիեննայի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին:
«Կ՛ողջունենք կառուցողական մօտեցումը, որ գերակշռող եղած է բանակցութիւններուն ընթացքին, եւ այսուհետեւ եւս կողմերուն պիտի ցուցաբերենք անհրաժեշտ աջակցութիւն, որպէսզի իրականութիւն դառնան այն գաղափարները, որոնց շուրջ փոխըմբռնում եղած է Աւստրիոյ մայրաքաղաքին մէջ», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը:
Զախարովա աւելցուցած է, թէ Մոսկուա սերտօրէն կը համագործակցի ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի անդամ միւս պետութիւններուն հետ, միաժամանակ ընդգծելով, որ հակամարտութեան վերջ դնելու պատասխանատուութիւնը կը կրեն միայն անոր մէջ ներգրաւուած կողմերը:
«Կարեւորը քաղաքական կամքի դրսեւորումն է», ըսած է ան:
Ի պատասխան Հայաստանի պաշպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի կողմէ Միացեալ Նահանգերու մէջ կատարած՝ «նոր պատերազմ՝ նոր տարածքներու համար» յայտարարութեան մասին հարցումին, Զախարովա ըսած է. «Ես չեմ կրնար գնահատական տալ յայտարարութեան, բայց կրնամ վերահաստատել Ռուսիոյ հաւատարմութիւնը՝ տագնապին քաղաքական եւ դիւանագիտական կարգաւորման: Անշուշտ, առաջնահերթութիւն կը տրուի փոխադարձ համաձայնութիւններուն. եթէ կողմերուն դիրքորոշումները որոշ հարցերու շուրջ մօտ են, մենք կ՛ողջունենք այդ մէկը եւ եթէ կայ անհրաժեշտութիւն, իբրեւ համանախագահ երկիր, աջակցութիւն կը ցուցաբերենք: Յայտարարութիւնները, կը կարծեմ, մեկնաբանելու կարիք չկայ»: