Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Տաւուտօղլու՝ Էրտողան Պսակաւոր Ժահրէն աւելի Մեծ Վտանգ Կը Ներկայացնէ

November 2, 2020
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Տաւուտօղլու՝  Էրտողան Պսակաւոր Ժահրէն աւելի  Մեծ Վտանգ Կը Ներկայացնէ

ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՕՐԱԳԻՐԸ-  2  ՆՈՅԵՄԲԵՐ  2020

Արցախի  Մարդու իրաւունքներու  պաշտպանը յայտնեց, թէ  օրուան  ընթացքին Ազրպէյճան  խախտելով միջազգային մարդասիրական իրաւունքի  դրոյթները ռմբակոծած է  Արցախի    շարք մը   քաղաքացիական  բնակավայրեր ու ենթակառոյցներ: Ռմբակոծումներուն հետեւանքով  զոհուած  են երկու  քաղաքացիներ:

Ռազմական  գետնի  վրայ,   երեկոյեան   ժամը   18.10-ի  սահմանները, ազերիները    հրետանիներու միջոցով  ռմբակոծեցին Հայաստանի հանրապետութեան    զինեալ ուժերու   դիրքերուն եւ Դաւիթ Բեկ   բնակավայրի  ուղղութեամբ: Ռմբակոծութեան հետեւանքով   մահացաւ անձ մը: Երկու ուրիշներ վիրաւորուեցան:

Թշնամին Արցախի   խաղաղ   բնակավայրերը   հարուածելէ բացի,  հրկիզող  հրթիռներ կ’արձակէ Արցախի  գրեթէ բոլոր  շրջաններու անտառային գօտիներուն ուղղութեամբ:

Արցախի  արտաքին  գործոց նախարարութիւնը խստագոյնս  եւ վճռականօրէն  դատապարտեց  խաղաղ բնակչութեան վրայ   միջազգայինօրէն արգիլուած ֆոսֆորային ռումբի օգտագործումը:

Արցախի  պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակեց  հայրենիքի  պաշտպանութեան  համար  մղուող  մարտերուն նահատակուած  11  զինծառայողներու անուններ:

Արցախի  կանայք, Արցախի  դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած  լայնածաւալ պատերազմին Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան  սանձելու պահանջով բողոքի  հաւաք մը կազմակերպեցին  Հայաստանի մէջ  Մ. Նահանգներու դեսպանատան առջեւ:

Ռուսական « Взгляд  »  օրաթերթը  իր  Երկուշաբթի  օրուան համարով  գրած է՝  Արցախի գոյութիւնը կարեւոր  նշանակութիւն ունի Ռուսիոյ անվտանգութեան եւ աշխարհաքաղաքական  շահերուն  համար:

Հայաստանի   վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դիտել  տուաւ, որ  վարձկաններու եւ ահաբեկիչներու  մասնակցութիւնը Արցախի դէմ  ծաւալած ներխուժումին սպառնալիք է   ոչ միայն Արցախի եւ Հայաստանի, այլեւ՝  միջազգային անվտանգութեան եւ այս  հարցը պարտի դառնալ  միջազգային հետաքննութեան օրակարգ:

Ֆրանսայի  ներքին  գործոց նախարար  Ժերալ  Տարմանէ  մօտակայ  օրերուն Մոսկուա պիտի այցելէ,  քննարկելու  ահաբեկչութեան եւ արմատականութեան  հետ առնչուած հարցեր:

Թուրքիոյ նախկին արտաքին  գործոց նախարար Ահմետ Տաւուտողլու յայտարարեց, որ  Ռեճէպ Թայիփ Էրտողանը պսակաւոր  ժահրէն աւելի  մեծ  վտանգ  կը ներկայացնէ: « Եւրոպայի  եւ աշխարհի  համար ամենամեծ վտանգը  բռնապետութիւնն է, ան  կը  տարածեն պարոն  Էրտողանի  նման առաջնորներ». զգուշացուց Տաւուտօղլու:

«Արմենփրես» վկայակոչելով  Թուրքիոյ  արտածումներու խորհուրդին պաշտօնական կայքէն քաղելով իր  տեղեկութիւնները, հաղորդեց, թէ  հոկտեմբեր ամսուան  ընթացքին Ազրպէյճան  101 միլիոն 209 հազար տոլար արժողութեամբ ռազմաօդային արտադրանք գնած է  Թուրքիայէն:

Previous Post

Live Updates: Final Campaign Day on Eve of 2020 US Presidential Election

Next Post

‘Don’t Happy, Be Worry’Intense fighting between Armenia and Azerbaijan

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.