ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Ալաուիթ լեռներուն վրայ, Հաֆֆէի վարչական տարածքին մէջ կը գտնուի Տէր Թումա գիւղը, որ իր անունը կ՛առնէ գիւղի մուտքին, փշոտ կաղնիներու պուրակի մը մէջ գտնուող Տէր Թումա եկեղեցիէն։ Գիւղի բնակիչները ալեւիներ են։
Զաքարիա վարդապետ 1864-ին այցելելով վայրը՝ կը գրէ․ «Սոյն սուրբ Թովմայի եկեղեցին բուն իրեն յատկացեալ ձեւ մը ունի: Բայց ի տաճարի աւագ դռնէն ունի նաեւ ուրիշ դուռ մի ատեանին բերանը, որով եկեղեցւոյն սրահը դասէն ու սեղանէն կը բաժնուի: Սոյն դրան թէ կողմնակի եւ թէ վերին ու ստորին վիմափոր քանդակները սքանչելի տիպ մի ունին, բայց ափսոս որ կիսով չափ աւրուած են: Իսկ տաճարին աւագ դրան հարաւային սեմին լայնդիր քարերուն մէկուն վերայ կ’երեւին հայկական երկաթագիրներ կիսամաշ եւ դժուարընթեռնելի, որոնց մէջ կը կարդացուին յետագայ բառերը «ՄՏԷՔ Ի…ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑԻ…ՇԷՔ ԶՏԷՐ Թ…ՈՍ ԵՒ…ԸՍՏՓՏ…ԽԱՉՏՐ…Ս. ԶԿԻՐԱԿՈՍ…ՊԱՒՂՈՍ…» եւ այլն:
«Առաստաղը որ ամբողջ կը կենայ, սրբատաշ քարերով հիւսուած է եւ մէջտեղի կեդրոնի քարը հասարակ խաչ մի կը ներկայացնէ հաւասար թեւերովը, որուն կեդրոնը բոլորակաձեւի մէջ կրկին խաչ քանդակուած է: Եկեղեցւոյ աւագ սեղանին վերայ գերեզմանաձեւ շէնք մի կ’երեւի ետքէն շինուած, ուրտեղ այլազգի եւ Նըսէրի կոչուած աղանդաւորք ուխտի կ’երթան. սեղանին վերայի գմբեթը եւ պատը կործանուած է, ու այլազգեաց ձեռքով յետոյ հասարակ պատ մի հիւսուած է» («Լադաքիոյ հայաբնակ գիւղօրէից ստորագրութիւնը եւ գիւղացւոց արդի վիճակը», Սիօն, 1 Յուլիս 1866, էջ 97-103):
«Արեւելեան մամուլ»ի Բերիոյ Թղթակիցը 1906-ին կը յիշէ Տէր Թումա վանքը, կը նկատէ յունական, իսկ արձանագրութեան մասին բացայայտ թիւրիմացութեամբ կը գրէ «յունական (թերեւս արաբերէն) գրերով բառեր կան անընթեռնելի» (Թղթակից Բերիոյ, «Կիլիկեան մոռցուած անկիւններ», Արեւելեան մամուլ, 29 Նոյեմբեր 1906, թիւ 49, էջ 1203 ):
Առաջնորդ Ղեւոնդ արքեպիսկոպոս կը յիշէ նաեւ այս եկեղեցին. կը գրէ. «Այս տարի Յուլիսին (1959) այցելեցինք: Մայր դրան պատին վրայ արձանագրութիւններ կան: Հազիւ քանի մը գիրեր կրցանք կարդալ: Առաստաղը չորս կամարներով միացած է եւ մէջտեղը խաչքար մը կայ: Տեղացիները ըսին, թէ ալեւիներ աղօթավայրի վերածած էին զայն, սակայն կառավարութիւնը արգիլած է ներկայիս» (Վարդան եպիսկ. Տէմիրճեան, Գաւազանագիրք…, էջ 374):
Մեր այցելութիւններու ընթացքին հաստատեցինք, որ շատ բան փոխուած չէ վերի նկարագրութիւններէն։ Գիւղացիները ուզած են սրբավայրի հարեւանութեամբ, ձախին բացուած տարածութեան մէջ գիւղական հանդիսութիւններու սրահ կառուցել եւ եկեղեցին իբրեւ մագամ գործածել։ Պետութիւնը արգելք հանդիսացած է։ Հանդիսութիւններու շէնքը կիսատ մնացած է։
Սրբավայրի արեւմտեան ճակատի պատին կեդրոնը դուռն է, որուն բարձրութեան վրայ բարաւորի փոխան երկու ելունդ կայ, եւ անոնց վրայ՝ դռան կամարը։
Դուռէն բարձր, նոյն հեռաւորութեան վրայ եւ երկու շարք քարերու միջեւ տեղադրուած են միեւնոյն քանդակով՝ անհաւասար կտրուած երկու քար։ Երեւան կու գայ, որ այլ կառոյցէ մը բերուած են այս քանդակները, որոնք կը նմանին արեւի ժամացոյցի թուագիծերուն, բայց հակառակ ձեւով դրուած։
Մուտքի ձախ պատին վրայ անմիջապէս նկատելի է Զաքարիա վարդապետին կողմէ մասնակի կերպով ընդօրինակուած գրութիւնը, որ բաղկացած 11 տողէ։ Գիրերէն շատերը ճանաչելի են, բայց ամբողջը՝ դժուար վերծանելի, որովհետեւ պատէն հոսող անջրեւաջուրը գիրերու փորուածքները կիրով ծեփած է։
Եկեղեցական կառոյցը, ինչպէս կը նկատուի արտաքինէն, երեք մաս ունի․ գաւիթը, որ քառաթեւ գմբեթաւոր քառանկուսի կառոյց մըն է։ Գմբէթի չորս թեւերը կը միանան վերը վարպետօրէն ագուցուած խաչքարի մը, որուն կեդրոնը, շրջագիծի մը մէջ, կայ խաչի քանդակ մը։ Կողմի պատերուն վրայ ունի մէկական քառանկիւն պատուհան ու երկուքական կամարաձեւ լուսամուտներ։ Ճիշդ դիմացը գտնուող դուռը, որ եկեղեցւոյ դասին կ՛առաջնորդէ, պատուած է՝ մուտքը արգիլելու հանար։
Եկեղեցւոյ դասի բաժինը փլուզուած է, մորենին ծածկած է տարածութիւնը։ Դասի բաժինը մէկ անկիւնաքարով երկու կողմէն աւելի նեղ է գաւիթէն։
Խորանի բաժինը դուրսէն կիսակլոր շրջագիծ մը կը ձեւացնէ, դարձեալ՝ երկու կողմէն մէկ անկիւնաքարով աւելի նեղ։ Որքան որ նկատի է՝ խորանին վրայ յետնաբար շինուսծ ծածկը չկայ, ոչ ալ խորանին մէջ տեղադրուած տարիհը։
Սրբավայրը կը գտնուի Լաթաքիոյ հնագիտութեան գրասենեակի հսկողութեան տակ։