Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Տիւրզի համայնքի Հոգեւոր պետը այցելեց Վեհափառ հայրապետին

April 9, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Տիւրզի համայնքի Հոգեւոր պետը այցելեց Վեհափառ հայրապետին

Ուրբաթ, 8 ապրիլ 2022-ին, տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապու Մունա հոգեւորականներէ բաղկացած պատուիրակութեամբ այցելեց Անթիլիասի մայրավանք եւ հանդիպում ունեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ: Շէյխին պատուիրակութեան մաս կը կազմէին տիւրզի համայնքի դատական, կրթական ու բարեսիրական կառոյցներու պատասխանատու հոգեւորականներ: Վեհափառ հայրապետին կողքին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, սրբազան ու միաբան հայրեր, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան համաատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ Լիբանանի քրիստոնեայ-իսլամ յանձնախումբի անդամ դոկտ. Ժան Սալմանեան:

Ողջունելով տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետին այցելութիւնը` վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ հայ եւ տիւրզի համայնքներուն սերտ բարեկամութեան ու գործակցութեան, այս ծիրին մէջ յիշելով Ազունիէի Ազգային բուժարանը: Վեհափառ հայրապետը նաեւ շեշտեց միջհամայնքային գործակցութեան նոր թափ տալու եւ Լիբանանը ընկերային-տնտեսական տագնապէն դուրս բերելու հրամայականը:

Տիւրզի համայնքի պետը, իր կարգին, խօսք առնելով իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ կը գտնուի կաթողիկոսարանին մէջ, ուր նախապէս մասնակից եղած էր վեհափառ հայրապետին կազմակերպած միջկրօնական երկխօսութեան: Ան նաեւ գնահատեց Ազունիէի Ազգային բուժարանին կարեւոր ծառայութիւնը շրջանին մէջ: Վերջապէս, ան եւս անդրադարձաւ Լիբանանի դիմագրաւած ընկերային-տնտեսական դժուարութիւններուն եւ շեշտեց ամէն գնով ժողովուրդին օգտակար հանդիսանալու անհրաժեշտութիւնը:

Previous Post

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Դաստիարակչական յանձնախումբ. հանրութեան ուղղուած դասախօսական շարքի առաջին հանդիպումը` «Ռուս-ուքրանական պատերազմը» նիւթով

Next Post

Յակոբ Բագրատունի. «կ՛ողջունենք Քուէյթի եւ Սէուտական Արաբիոյ դեսպաններուն Լիբանան վերադարձը»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.