Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ցեղասպանութեան Զոհերու Ոգեկոչման Բանաձեւը Ներկայացուեցաւ Քալիֆորնիոյ Օրէնսդիր Մարմինին

March 28, 2018
in Newsletter, Զանազանք
0
Ցեղասպանութեան Զոհերու Ոգեկոչման Բանաձեւը Ներկայացուեցաւ Քալիֆորնիոյ Օրէնսդիր Մարմինին

ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Երկուշաբթի,  26 Մարտին, Քալիֆորնիոյ Նահանգային խորհրդարանի անդամ Լորա Ֆրիտմըն նահանգային օրէնսդիր մարմինին ներկայացուց թիւ 37 միացեալ բանաձեւը, որ  24  Ապրիլ 2018-ի կը հռչակէ «Քալիֆորնիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 103-րդ ամեակի ոգեկոչման օր»։ Ֆրիտմընին զօրակցեցան Քալիֆորնիոյ Օրէնսդիր մարմինի հայկական համախմբումի անդամներ Ատրին Նազարեան (խորհրդարանական) եւ ծերակուտականներ Սքաթ Ուիլք ու Էնթընի Փորթանթինօ։

Ֆրիտմըն յիշեցուց, թէ հայաշատ Կլենտէյլի եւ Քալիֆորնիոյ տարածքին հայերը Ապրիլ 24ին կ՛ոգեկոչեն հայ ժողովուրդին դէմ տեղի ունեցած ահաւոր ոճիրները, միաժամանակ խոստանալով նորոգել ատելութեան եւ անհանդուրժողութեան դէմ պայքարը աշխարհի տարածքին։

«Այս բանաձեւը առիթ մըն է Քալիֆորնիոյ ժողովուրդին, որ յարգանքի իր տուրքը մատուցէ միլիոնաւոր հայ զոհերուն եւ պահանջէ իր ղեկավարներէն, որ դատապարտեն Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը ուրանալու իւրաքանչիւր փորձ», աւելցուց Ֆրիտմըն։

Բանաձեւը նաեւ նշում կը կատարէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրած փոքրամասնութեանց օժանդակութեան հասած Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցին բարեսիրական ջանքերուն մասին, եւ կը դրուատէ ու կը քաջալերէ Ցեղասպանութեան իրականութիւնը իրենց համայնքներուն փոխանցողները եւ դասաւանդողները։

Ֆրիտմըն սոյն բանաձեւը պիտի կարդայ  23 Ապրիլին, խորհրդարանին մէջ նախատեսուած քուէարկութեան ընթացքին։

Previous Post

ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Մասնակցեցաւ Թորոս Թորանեանի Ծննդեան 90-ամեակին Նուիրուած Ցերեկոյթին

Next Post

Սինճարի Եզիտիները Կը Պատրաստուին Դէմ Դնելու Թրքական Հաւանական Ներխուժումին

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.