Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է. «ՕԹԱՆ-ը կը ցուցաբերէ ծայրայեղ յարձակողապաշտ դիրքորոշում եւ «կարմիր գիծեր»-ը չի ճանչնար»:
«Մենք կը տեսնենք, որ հիմա ՕԹԱՆ-ը կը ցուցաբերէ յարձակողապաշտ պահուածք: Մենք կը տեսնենք պարոն Սթոլթենպերկի (ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար) հռետորաբանութիւնը: Մենք կը տեսնենք Միացեալ Նահանգներու տարբեր ներկայացուցիչներու հռետորաբանութիւնը: Անոնք բոլորը կը խօսին այն մասին, որ չեն ընդունիր որեւէ կարմիր գիծ: Անոնք կը խօսին այն մասին, որ ՕԹԱՆ-ը կը կատարէ այն, ինչ որ ուզէ: Ատիկա մեզի համար հաճելի չէ», ըսած է Փեսքով: