ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ 50 ՄԻԼԻՈՆ, ԻՍԿ ԱՐՑԱԽԻՆ 2 ՄԻԼԻՈՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ Կ՛ԱՌԱՋԱՐԿՈՒԻ
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին գործողութիւններու յատկացումներու ենթայանձնախումբը պատրաստեց յատուկ զեկուցում մը, որ պիտի ընկերանայ Միացեալ Նահանգներու 2022-ի ամավարկի օրինագիծին. անոր մէջ քոնկրեսականները մտահոգութիւն կը յայտնեն Ատրպէյճանին ռազմական աջակցութեան դէմ արգելքները անտեսելու՝ Պայտընի վարչակազմին կեցուածքին եւ Հայաստանին ու Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական աջակցութեան անհաւասարութեան նկտամամբ։
Զեկոյցին մէջ նաեւ կ՛առաջարկուի առնուազն 50 միլիոն տոլար աջակցութիւն տրամադրել Հայաստանին եւ երկու միլիոն տոլար՝ Արցախի մէջ ականազերծման ջանքերուն։
Ենթայանձնախումբին անդամները կը շեշտեն, թէ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն անյապաղ պէտք է այս հարցը օրակարգի նիւթ դարձնէ։
«Կ՛ողջունենք քոնկրեսականներուն այս քայլը եւ կը յուսանք, որ անիկա առաջին քայլը կը հանդիսանայ՝ կասեցնելու քարիւղով հարուստ, ազգայնամոլ եւ բացայայտօրէն հակահայ քայլերու դիմող Ալիեւի վարչակազմին բոլոր ռազմական աջակցութիւնները կասեցնելու ճամբուն վրայ», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Թերեզա Երիմեան՝ աւելցնելով. «Ոչ մէկ տոլար պէտք է յատկացուի Ատրպէյճանի բանակին, որ այդ զէնքերը կը գործածէ հայեր սպաննելու, անդամալուծելու կամ գերի բռնելու նպատակով»։
Նշենք, որ վերջին քանի մը շաբաթներուն, առաւել քան 100.000 նամակներ յղուած են Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներուն՝ պահանջելով, որ անմիջապէս կասեցուի Ատրպէյճանի զինումը։ Արշաւին միանալու համար այցելել կայքէջը։