Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ֆրանսայի Ծերակոյտը Արցախի Համար Միջազգային Տեղեկատուութեան Խումբ Կազմեց

December 21, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Azerbaijan’s policy of terrorism seeks to achieve exodus of Armenians from Artsakh, warns Stepanakert

ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Ֆրանսայի Ծերակոյտի գրասենեակը վաւերացուց Արցախի մասին միջազգային տեղեկատւութեան խումբ կազմելու առաջարկը: Այս նախաձեռնութիւնը կը լրացնէ Նոյեմբեր 2020ին՝ Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչնալու անհրաժեշտութեան մասին Ծերակոյտին ընդունած բանաձեւը:

«Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ծերակոյտը եւ անոր գրասենեակը, եւ կ՛ողջունենք Ծերակոյտի այս նոր նախաձեռնութիւնը, որ միջազգային հանրութեան անգամ մը եւս ցոյց կու տայ ճանապարհը: Ուսումնասիրական այս խումբը կու գայ աներկբայօրէն ժխտելու կատարուած իրողութեան քաղաքականութիւնը եւ հերքելու դիրքորոշումը բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին Ատրպէյճանի կողմէ արցախեան տարածքին զգալի մէկ հատուածի կցման մէջ տեսնել հայկական Արցախի քաղաքական լուծումը», կը նշէ Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Ֆրանսուա Փիւփոնի:

Ծերակոյտին հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ միջազգային տեղեկատուութեան այս խումբը կազմուեցաւ Ծերակոյտի Ֆրանսա-Հայաստան եւ Ֆրանսա-Կովկաս բարեկամութեան խումբերուն հետ համաձայնութեամբ, եւ որ պէտք է կարելիութիւն ընձեռէ ամրապնդելու խորհրդարանական երկխօսութիւնը նշեալ տարածքի (Արցախի-«Ն.Յ.») ազգային ներկայացուցչութեան հետ, ինչպէս նաեւ նպաստէ հակամարտութեան արդար, խաղաղ եւ մնայուն կարգաւորման որոնման:

«Տեղեկատուութեան նման խումբ եւ անոր նախաձեռնած երկխօսութիւնը կարեւոր քայլ է սահմանակարգական կառուցողական յարաբերութիւններ հաստատելու համար: Անոր նպատակն է օգնել արցախցիներուն՝ իրենց հողերուն վրայ խաղաղ եւ անվտանգ ապրելու իրաւունքի վերականգնումին: Անոնց (արցախցիներու-«Ն.Յ.») գոյութեան իրաւունքը պէտք է լիովին յարգուի, որովհետեւ մենք չենք կրնար ընդունիլ Պաքուի գործադրած ցեղային զտման քաղաքականութիւնը, որուն դրսեւորումներէն մէկն ալ 2020ի աշնանային պատերազմն էր», կ՛ընդգծէ Փիւփոնի, որ կը վերահաստատէ՝ «Ծերակոյտի մօտեցումը պէտք է հետեւելի օրինակ դառնայ այլ կառոյցներու համար եւ գործադիրը խրախուսելու՝ Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչնալու», կ՛ըսուի հաղորդագռութեան մէջ:

Բարեկամութեան շրջանակը կը յիշեցնէ, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտը աշխարհի առաջին պալատն էր, որ Նոյեմբեր 2020ին պահանջեց ճանչնալ Արցախի Հանրապետութիւնը: 23 Նոյեմբեր 2021ին, անիկա հիւրընկալեց բարձր մակարդակի գիտաժողով մը՝ նուիրուած ատրպէյճանական յարձակումէն ետք Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին: Սոյն գիտաժողովը կազմակերպուած էր ծերակուտական, Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու եւ փոքրամասնութիւններու, ինչպէս նաեւ Քիւրտերու հետ կապի խումբի ղեկավար Պրիւնօ Ռըթայոյի կողմէ, Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լարշէի գործուն հովանաւորութեան տակ: Արցախի համար միջազգային տեղեկատուութեան խումբի կազմութիւնը կը հանդիսանայ միջազգային իրաւունքին աջակցելու Ծերակոյտի յանձնառութեան տրամաբանական շարունակութիւնը:

Previous Post

Քեսապի Տային

Next Post

Մոսկուա Ուաշինկթընէն Եւ ՕԹԱՆ-էն Կը Պահանջէ Անդրկովկասի Մէջ Որեւէ Զինուորական Գործողութենէ Հրաժարիլ

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.