Քանի մը ժամ առաջ, Երեւանի «Նայիրի» հիւանդանոցին մէջ մահացաւ ֆիլմարուեստի եւ թատրոնի սիրուած դերասան, ժողովրդային արուեստագէտ, ՀԽՍՀ պետական մրցանակի դափնեկիր, Եւրոպայի գիտութիւններու ակադեմիայի ակադեմիկոս, Մովսէս Խորենացի մրցանակի մետալակիր Ազատ Գասպարեանը:
Անուանի դերասանը ողնաշարի վնասուածքի բուժումը շարունակելու նպատակով քանի մը օրէ կը գտնուէր «Նայիրի» բժշկական կեդրոնը: Ան կը պատրաստուէր 13 Օգոստոսին նշել իր ծննդեան 70-ամեակը:
Ազատ Գասպարեան ծնած է 1943-ին, Երեւան: 1970-ին յաճախած է Երեւանի գեղարուեստաթատերական ինստիտուտի դերասանական բաժինը՝ ուսանելով Վարդան Աճեմեանի արուեստանոցին մէջ: 1972-80՝ մաս կազմած է Երեւանի Դրամատիկական թատրոնին: 1986-էն առ այսօր կ’աշխատէր Երեւանի Գ. Սունդուկեանի անուան ակադեմական թատրոնի դերասան: Ազատ Գասպարեան նկարահանուած է աւելի քան քսան ժապաւէններու մէջ: Մասնակցած է տասնեակաւոր ռատիոբեմադրութիւններու մէջ: Հանդէս եկած է բազմաթիւ երկիրներու մէջ: Հեղինակն է «Իմ Լեզուի տակ փուշ Չկայ» գիրքին (2000):
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, վարչապետ Տիգրան Սարգսեան իրենց ցաւակցութիւնները փոխանցեցին հայ թատրոնի երախտաւոր Ազատ Գասպարեանի ընտանիքին եւ հարազատներուն:
Ազատ Գասպարեանի մահուան առիթով, վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի ցուցմունքով ստեղծուեցաւ թաղման կառավարական յանձնաժողով: