Երէկ` չորեքշաբթի, 18 օգոստոսին, Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցաւ սահմանի իրավիճակին վերաբերեալ փակ քննարկում, որուն մասնակցեցաւ Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան ներկայացուցիչը:
Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան գլխաւոր վարչութեան պետ-ընդհանուր փոխհրամանատար զօր. Էդուարդ Ասրեան` նշելով, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան շարք մը հարցեր, ինչպէս` արեւելեան սահմանագօտիին, այնպէս ալ` Երասխ-Սադարակ ուղղութեամբ ստեղծուած վիճակին-մարտավարական իրադրութեան վերաբերեալ:
«Ես խմբակցութիւններու անդամներուն ներկայացուցի, թէ ինչպիսի՛ իրադրութիւն ստեղծուած է եւ ներկայ դրութեամբ ի՛նչ վիճակ կը տիրէ: Կարող եմ փաստել, որ գործնական-մարտավարական իրադրութեան մէջ զինուած ուժերը կանգնած են իրենց դիրքերուն վրայ, թշնամիի շարք մը սադրիչ գործողութիւններուն կու տան արժանի պատասխան, ու եթէ մեր հանրութեան մէջ կը տարածուին տեղեկութիւններ, թէ մենք կ՛ունենանք կորուստներ, իսկ թշնամին անկորուստ է, ապա պէտք է ըսեմ, որ ատիկա այդպէս չէ, իրականութեան չի համապատասխաներ. Թշնամին նոյնպէս ունի մարդկային կորուստներ: Մենք կը վերահսկենք մեր սահմանները, եւ զինուած ուժերուն, մեր բանակին առաջադրուած այդ խնդիրը մենք պիտի կատարենք պատուով», յայտնեց զօր. Էդուարդ Ասրեան: