«Ազդակ»-ի 64-րդ առցանց լսարանի թեման էր «Ս. Ներսէս Շնորհալոյ երաժշտական աւանդը` նմոյշներ եւ նկատողութիւններ»: Դասախօսն էր նուագավար, երգչախմբավար եւ երաժշտագէտ, Փրակի Կարոլեան համալսարանի երաժշտական համոյթներու երաժշտապետ դոկտ. Հայկ Իւթիւճեան, որ երկրորդ անգամն ըլլալով կը դասախօսէ «Ազդակ»-ի առցանց լսարանին: Առաջին դասախօսութեան հետեւած էին բազմաթիւ արձագանգներ` «Ազդակ»-ի լսարանի պատասխանատուներուն առաջարկելով, որ դոկտ. Իւթիւճեան յաճախակիօրէն հրաւիրուի դասախօսելու:
Այդ առաջարկները վերահաստատուեցան «Ազդակ»-ի 64-րդ լսարանին ընթացքին, զոր վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատկից Մինաս Հանս Քէհեան: Դոկտ. Իւթիւճեան գիտամատչելիութեան մեթոտով ներկայացուց նիւթը` լսարանին հրամացնելով նոր յայտնութիւններ, եղանակներու, խազերու, շարականներու վերագրելիութեան հետ կապուած հարցեր:
Դասախօսութեան հետեւեցաւ հարցումներու եւ գնահատականներու բաժին մը: Խօսք առին Յակոբ Ճամպազեան (Քանատա), դոկտ. Արա Սանճեան (Միացեալ Նահանգներ), Մինաս Լոուրեան (Իտալիա), Նայիրի Մուրատեան (Կիպրոս), Մարիամ (Հայաստան), Սօսի Պալեան (Լիբանան) եւ Սօսի Սուսանեան (Հունգարիա):
Թղթակցութեան սահմաններուն մէջ չի կրնար տեղաւորուիլ սփիւռքահայ երաժշտագէտին համապարփակ եւ գիտականօրէն բարձրորակ դասախօսութիւնը: Ջերմօրէն յանձնարարելի է, որ ամբողջ տեսագրութիւնը դիտեն եւ ունկնդրեն մեր ընթերցողները`այցելելով «Ազդակ»-ի եութուպեան ալիք https://youtu.be/wQuEFQDNHIo