«Ազդակ»-ի 65-րդ լսարանի նիւթն էր Արցախի մշակութային ժառանգութեան միջազգային իրաւական գործիքակազմերը: Դասախօսն էր Երեւանի պետական համալսարանի մշակութաբան, մշակութային ժառանգութեան միջազգային փորձագէտ Արմինէ Տիգրանեանը, որ վերջերս այս թեմայի մասին զեկուցած էր Եւրոպական խորհրդարանին մէջ: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:
Դասախօսը նիւթի սահմանումին ընթացքին շեշտեց ինքնութեան պահպանման, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ մշակութային ժառանգութեան շարունակականութեան ուղղութիւններու փոխկապակցուածութիւնն ու կարեւորութիւնը:
Մանրամասնօրէն ներկայացուց Ազրպէյճանի պետական քաղաքականութիւնը` Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման, ապօրինի վերակառուցման եւ նենգափոխման, եւ ինքնութեան ձեւախեղման իրականացումներով յատկանշուած:
Մշակութային ժառանգութիւնը ոչ թէ անցեալ, այլ ապագայ դաւանելու հայեցակարգի պարզաբանումով` դասախօսը նշեց նաեւ այն բոլոր յանցագործութիւնները, որոնք կը գործադրէ Ազրպէյճանը Արցախի ժողովուրդը իր ինքնութենէն զրկելու նպատակով: Խնդիրը պայմանաւորելով մարդկային իրաւունքի, հոգեւոր մշակութային տարածքներ անարգել այցելելու եւ յատկապէս ազգի գոյատեւման ու զարգացման առաջադրանքները կատարելու տեսակէտէն` ան պարզեց այն բոլոր բաղադրիչները, որոնք մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն` իբրեւ մշակութային ժառանգութիւն:
Իբրեւ միջազգային գործիքակազմեր հոգեւոր- մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ ոչնչացման քաղաքականութեան դէմ դնելու, Արմինէ Տիգրանեան նշեց` Հռոմի կանոնադրութիւնը, Ժընեւի ուխտը, Լա Հէյի միջազգային արդարադատութիւնը, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն ցեղասպանութեան Լեմքինի անուան հիմնարկը, Մոնումընթ ուաթչը:
Մէջբերելով իւրաքանչիւր կանոնադրութեան եւ հռչակագիրի համապատասխան յօդուածը` Արմինէ Տիգրանեան նպատակայարմար նկատեց, որ սփիւռքեան կազմակերպութիւններ եւս թիրախաւորեն միջազգային ատեանները եւ այնտեղ հետապնդեն հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցը, յատկապէս` մշակութային ժառանգութեան տարածքներ մուտք տրամադրելու պահանջը ներկայացնելով:
Իր հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան գիտակից եւ զայն արժեւորող Արցախի ժողովուրդն է, որ կրնայ պաշտպանել համամարդկային նշանակութիւն ունեցող այս արժէքները, հաստատեց դասախօսը:
Արմինէ Տիգրանեան պատասխանեց լսարանականներու հարցումներուն: Անոնք ընդգծեցին, որ հայրենի պետականութիւնը համարժէք աշխատանք չի տանիր այս կարեւոր խնդրին ուղղութեամբ, որ մաս կը կազմէ Ազրպէյճանի գործադրած ցեղասպանական արարքներուն:
Դասախօսութեան տեսագրութիւնը տեղադրուած է «Ազդակ լսարան»-ի եութուպեան ալիքին վրայ` https://www.youtube.com/watch?v=Lp1bLn6WwuE