ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու յայտարարութեան յաջորդած յարաբերական անդորրը խանգարելով, այսօր՝ հինգշաբթի վաղ առաւօտեան, ազերի թշնամին վերախմբաւորելով իր միաւորները լայնածաւալ յարձակումի անցած է ռազմաճակատի հիւսիսային եւ հարաւային ուղղութիւններով:
Սոյն տեղեկութիւնը հաղորդեց Արցախի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը, ընդգծելով, որ թշնամիին գործողութիւնները միաժամանակ վտանգ հանդիսացած են Իրանի իսլամական հանրապետութեան:
Արցախի պաշտպանութեան բանակը հուժկու հակահարուածներով չէզոքացուցած է ազերի թշնամիին յառաջխաղացումի փորձերը: Բախումներուն ընթացքին ոչնչացուցած է թշնամիի մեծ թիւով զինուորներ, զրահապատ մեքենաներ, հրետանի եւ սպառազինութիւն:
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կ’աւելցնէ նաեւ՝ մեր ուժերը էապէս բարելաւած են սեփական դիրքերը: