Ազրպէյճանցիներու կողմէ հայ զինուորներու սպանութեան տեսանիւթը ներկայացուած է Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարան եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարան: Այս մասին կը հաղորդէ Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչը իր դիմատետրեան էջէն:
«Հայ պատերազմական գերիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերեալ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարան ներկայացուած պահանջներու ծիրին մէջ այսօր նշուած դատարաններուն ներկայացուած է սոյն թուականի 2 հոկտեմբերին ընկերային ցանցերուն վրայ շրջանառուած հայ զինուորներու սպանութեան տեսանիւթը` անգամ մը եւս ընդգծելով Ազրպէյճանի կողմէ ազգութեամբ հայերու հիմնարար իրաւունքներու խախտման փաստը»: