ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ», «Երկիր Մեդիա».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, 14 Մարտին յայտարարեց, թէ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններուն ձեւաչափը փոխելու Հայաստանի կառավարութեան փորձերը «անընդունելի են»:
«Հայաստանի կառավարութիւնը կը փորձէ փոխել բանակցութիւններու ձեւաչափը: Այս մէկը ընդունելի չէ եւ հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ բանակցային գործընթացի արգելափակման փորձ է», աւելցուց ան, ըստ «Ինթըրֆաքս»ի։
Պաքուի մէջ տեղի ունեցած միջազգային համաժողովի մը ընթացքին, Ալիեւ շեշտեց, թէ եւրոպացի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները եւս հանդէս եկած են բանակցութիւններու ներկայ ձեւաչափին փոփոխութեան դէմ:
«Բանակցութիւնները պէտք է ըլլան արդիւնաւէտ, այլ ոչ թէ յանուն բանակցութիւններու: Անոնք պէտք է հասցնեն ատրպէյճանական բռնագրաւուած տարածքներու ազատագրման», կրկնեց Ալիեւ, դարձեալ «անընդունելի» որակելով Արցախի ներկայ իրավիճակը: