ՊԱՔՈՒ, «Ռոյթըրզ».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ստորագրած է հրամանագիր մը՝ արտակարգ նախագահական ընտրութիւններ իրականացնելու վերաբերեալ:
Ըստ Ատրպէյճանի սահմանադրութեան՝ նախագահական յաջորդ ընտրութիւնները պէտք էր կայանային Նոյեմբերին, սակայն առանց բացատրութիւն տալու, Ալիեւ վճռած է զանոնք կատարել յառաջիկայ Ապրիլին։
Յայտնենք, թէ իշխող «Ենի Ազրպէյճան» կուսակցութիւնը որոշած էր իբրեւ նախագահի թեկնածու կրկին ներկայացնել Իլհամ Ալիեւը, որ 2003-ին իշխանութիւնը ժառանգեց իր հօրմէն:
Ալիեւի առաջնորդութեամբ, 2016-ին տեղի ունեցած էր նաեւ սահմանադրական փոփոխութիւն մը, ըստ որուն՝ նախագահին պաշտօնավարութիւնը 5ի փոխարէն 7 տարուան երկարաձգուեցաւ։