«Ալպա» համալսարանի նախաձեռնութեամբ, 16 յունիսին տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վաստակաւոր արուեստագէտ Կիւվտէրի մեծարանքի հանդիսութիւնը եւ համալսարանին մէջ անոր աւելի քան քառասնամեայ վաստակին նուիրուած ծառատնկումի արարողութիւնը:
Հանդիսութեան ներկայ էին Մշակոյթի նախկին նախարար Թարէք Մըթրի, համալսարանի դասախօսական կազմը, լիբանանցի մեծ թիւով արուեստագէտներ, որոնցմէ շատեր աշակերտած են Կիւվտէրի: Ներկայ էին նաեւ ուսանողներ եւ արուեստասէրներու հոծ բազմութիւն մը:
Համալսարանի տնօրէն Անտրէ Պըխազի իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ «Ալպա» համալսարանին եւ ընդհանրապէս Լիբանանի ժամանակակից նկարչութեան եւ կերպարուեստին մէջ Կիւվտէրի բերած վաստակին: Ան արժեւորեց Կիւվտէրի արուեստն ու տաղանդը եւ հաստատեց, որ անոր կեանքով լեցուն բարձրաթռիչ ձայնը հարազատ վկայութիւնն է սլացքով առաջնորդուող իր արուեստին:
Պըխազի ըսաւ. «Կիւվտէրի դասարանը սովորական դասարան մը չէ, այլ` նախանձելի եւ օրինակելի արուեստի աշխատավայր մը, ուր կը մէկտեղուին բնութենէն եւ մարդու կողմէ օգտագործուած իրերու մնացորդացէ հաւաքուած առարկաներ, որոնք բոլորն ալ արուեստագէտին հմտութեան շնորհիւ կը վերածուին արուեստի գեղեցիկ գործերու: Այո՛, Կիւվտէր յաջողած է իր գործով արուեստի տարրալուծարան մը ստեղծել եւ այս իմաստով մի՛շտ նորութիւններ յայտնաբերել: Ան այս շունչը եւ ոգին կը փորձէ փոխանցել իր աշակերտներուն: Աշակերտները պէտք է հպարտ ըլլան, որ արուեստի այսպիսի վարպետ մը ունին եւ անցնող բոլոր սերունդները միշտ երախտապարտութեամբ ու շնորհակալութեամբ պիտի անդրադառնան Կիւվտէրի վաստակին ու իրենց կեանքի ու ստեղծագործական երթին վրայ ձգած մեծ դրոշմին»:
Աւարտին, համալսարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ ծառատնկումի արարողութիւն:
Յայտնենք, որ Կիւվտէր հակառակ իր 95-ամեայ յառաջացած տարիքին կը շարունակէ դասախօսել համալսարանին մէջ:
Անցնող վեց տարիներուն ան Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ ունեցած է երկու անհատական ցուցահանդէսներ, ինչպէս նաեւ անոր ստեղծագործական աշխարհը պարփակող եւ «Ալպա» համալսարանի կողմէ հրատարակուած ալպոմի շնորհահանդէսը տեղի ունեցած է Համազգայինի ցուցասրահին մէջ: