Հ Ա Ն Գ Ա Ն Ա Կ Ո Ւ Թ Ի Ւ Ն – ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ
Քոյրեր եւ Եղբայրներ,
Ալֆորվիլի Մանկապարտէզի կառուցումը աւարտելու մտահոգութեամբ, նախքան օգնութիւն հայցելը՝ մաղթելի է խորհրդակցութիւն ունենալ իրարու հետ։
ԱՓՔԱՖ-ը Հայ Մշակոյթի Զարգացման Ընկերակցութիւն մըն է, որ կը ձգտի ապահովել հայ գոյութեան տեւականացումը, մեսրոպեան ռազմավարութեամբ, չըսելու համար մշակոյթի քաղաքականութեամբ։
Կը մերժէ, Հայոց դէմ գործուած ցեղասպանութեամբ, հազարամեակներու քաղաքակրթութեան չքացումը։
Այդ չքացումին հանդէպ անտարբերութիւնը կը համարէ մեղանչումի համազօր բան մը։
Մղուած կորուստի անպատմելի մեծ ցաւէն, կը ջանայ սատարել հայ մշակոյթի վերընձիւղման։
Անձնական փառք չի փնտռեր, կը գործէ շունչ տալու հայ լեզուին եւ այդ լեզուով մշակոյթին։
Կը կառուցէ դպրոցներ։
Եկամտաբեր աղբիւր չունի։ Իր աղբիւրը բարեգործ հայ ժողովուրդն է։ Լեզուն բոլորինն է, ասոր համար, անկախ վայրէն, հոն ուր դպրոց կը կառուցուի օժանդակութիւն կը խնդրէ բոլորէն։
Սերունդ մը կար մինչեւ 1978-ը, որ ամէնօրեայ միայն երկու վարժարաններ ունէր։ Սեւրի Մխիթարեանը եւ Ռենսիի Դպրոցասէրը։
1978-էն մինչեւ 2020 եօթը նորաստեղծ դպրոցներ եկան բարձրացնելու ամէնօրեայ վարժարաններու ընդհանուր թիւը՝ ութի։
Ներկայիս սերունդ մը կը հասնի, որ մտահոգուած է ոչ միայն լեզուի տիրապետութեամբ, այլ լեզուի գործածութեամբ։ Սերնդափոխութեամբ կը փոխուին նաեւ մտայնութիւնները։ Եւրոպայի մէջ այսօր, երիտասարդական խումբեր մէջտեղ կու գան եւ իրենք իրենց կը ստիպեն որ իրարու հետ հաղորդակցութեան լեզուն հայերէնը ըլլայ։ Անոնք կը հաւատան որ լեզուն կեանք պէտք է ունենայ, կ՚ուզեն անցնիլ լեզուագիտութենէն անդին, իսկ լեզու մը կեանք կ՚առնէ գործածութեամբ։
Այս սրբազան նպատակին մեծապէս կ՚օգնէ դպրոցներու ցանցին ընդլայնումը։
Ասոր համար ԱՓՔԱՖ Ալֆորվիլի մէջ նախաձեռնող եղաւ նաեւ Մանկապարտէզի կառուցման։ Համաճարակի պատճառաւ գործադաշտը քանի մը շաբաթ դանդաղեցաւ, բայց ի մօտոյ կ՚աւարտի պեթոնէ զանգուածային կարեւոր մասը։
Համաճարակի պատճառաւ խանգարուեցաւ նաեւ հանգանակութեան ծրագիրը։ Հարց է հիմա թէ կառոյցը իր ժամանակին կ՚աւարտի՞… Կախում ունի հանգանակութեան եղանակէն։ Բարեսիրտ մեր ժողովուրդի կամքէն։ Մեծահոգի բարերար Պարոն Գէորգ Արապեանն ալ, Լիբանանի տնտեսական ահաւոր տագնապին պատճառաւ, ի վիճակի չէ յաւելեալ յատկացում կատարելու։
Այս կացութեան դիմաց, քոյրեր եւ եղբայրներ, ելքը բարերարութիւն գործելու տրամադրութիւնն է մեր բոլորին կողմէ։
Թոյլ տուէք անգամ մը եւս դիմելու ձեր օգնութեան եւ աջակցութեան։
Կանխայայտ շնորհակալութեամբ,
Նորվան Արքեպիսկոպոս Զաքարեան
Նախագահ ԱՓՔԱՖ-ի
Նուէրները ղրկել գանձապահի հասցէին.-
A l’ordre de l’APCAF; Chez Dr. Serge Simonian
11, Ave. de Verdun
94410 Saint Maurice ■