ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
Ազգի ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ մակարդակը պիտի բարձրացնել՝ դաստիարակութեամբ, գիտակցութեան արթնացումով եւ խորացումով, քանզի բարոյականութիւնն է որ կը պայմանաւորէ անոր ներկայ եւ ապագայ ընթացքի որակը….Ազգեր կամ հաւաքականութիւններ կրնան տնտեսական բարձր մակարդակի վրայ գտնուիլ, բարօր, բարեկեցիկ կեանք վայելել, սակայն եթէ կրողը չեն բարոյական բարձր արժէքներու, դիւրաւ կը դառնան նիւթին եւ ինչքին գերի, կ‘այլասերին, կը խաթարուին նկարագրով….: Ներկայ սպառողական քաղաքակրթութեան հիմնական խնդիրներէն է սա: Մարդկային արժանաւորութիւնը նիւթական հարստութեան մէջ չէ բնաւ, այլ՝ անոր ապրած ու դաւանած հոգեւոր–բարոյական արժէքներուն, որոնց վսեմութիւնը ճշմարիտ չափանիշն է անոր մեծութեան…
……………
Բառերը շունչ են, բառերը լոյս են, բառերը ոգի են, հոգի են…..Այլեւ՝ նշդրակ են, որ պալար կապած վէրքը բուժելու համար պիտի գործածել….Այո՛, գէշ երեւնալու իսկ գնով….Կարելի չէ միշտ հաճոյ թուիլ մարդկանց եւ քծնիլ ու շողոքորթել, հոն ուր ճշմարտութիւնը պէտք է ըսուի, որքան ալ դառն ըլլայ անիկա….Մարդը սիրողը նաեւ, ի պահանջել հարկին, պիտի նշդրակ գործածէ, սեփական սիրտը արիւնելու գնով….ի սէր եւ ի փրկութիւն մարդուն, քանզի միայն ճշմարտութիւնը կրնայ մեզ ազատագրել:
……………
«Ի ծագել լուսոյ առաւօտուն, Ծագեա՛ ի հոգիս մեր զլոյսն քո իմանալի»….Երկու տող՝ որոնք ամբողջ կենսափիլիսոփայութիւն մը կը խտացնեն իրենց մէջ: Իմանալի Լո՛յս տենչացող Շնորհալիական աղօթքի այս տողերը վաղեմութեան ժամկէտ չունին, անոնք այժմէական են բոլոր ժամանակներուն համար ալ….Իմացութեան կամ գիտակցութեան լոյսով միայն, մարդ էակը կրնայ ճիշդ ընտրութիւններ կատարել իր կեանքին ընթացքին, զանազանել բարին չարէն, ճիշդը սխալէն, արդարը անարդարէն, իրաւը սուտէն ու կեղծիքէն….Իմանալի լոյսը այնքան էական է ի մասնաւորի՝ աշխարհն ու երկիրը կառավարել յաւակնող անձանց….նաեւ ի մասնաւորի հայ կեանքը ղեկավարելու կոչուած մարդկանց համար….Կ‘առաջնորդուի՞ն անոնք ԻՄԱՆԱԼԻ ԼՈՅՍՈՎ, կամ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼՈՅՍՈՎ, որով պիտի կարենային հայ կեանքը ընծայել ճառագայթուն՝ ազգային–հոգեւոր–մշակութային արժէքներով ու գաղափարականով….պիտի կարենային ազատ, արդար եւ արժանապատիւ կեանք ստեղծել բոլորին համար ալ….ԻՄԱՆԱԼԻ ԼՈՅՍԸ կենսական է նաեւ իւրաքանչիւրիս համար ալ, չմոլորուելու խաւարի բաւիղներուն մէջ, անխաթար պահելու Հայու Հոգին, անեղծ եւ կենսատրոփ պահելու՝ հայ հոգեւոր–մշակութային արժէքները, որոնք կը սահմանեն ազգային մեր ինքնութիւնը, հայեցիութիւնը, էութիւնը…
……………
Խորենացիին օրերէն մեր ՈՂԲԸ կը հիւսենք….Եթէ մեր պատմահայրը զայն կը հիւսէր գրական–գեղարուեստական սրտագրաւ տողերով, մենք զայն կը բանաձեւենք ամէն պահ՝ մեր տարբեր գանգատներով, բամբասանքներով, հնհնուքներով….Բայց ՈՂԲՈՎ կարելի է՞ ցաւին դարման ու բալասան գտնել…: Գուցէ այրած սրտի մխիթարա՞նք է ան, պարապ վախտի խաղալի՞ք երբեմն, կամ ազգային հոգեբանութեան շեշտուած դրսեւորո՞ւմ….: Ողբերգականութիւնը այնքան ներհակ է՝ բանականութիւն, ջանք ու կորով ի գործ դնելուն, խնդրի կամ խնդիրներու լուծման ուղիներ որոնելուն, հարցերը շեշտակի դիմագրաւելուն….: Տխուր կամ ցաւալի իրականութեան մը վրայ խղճալը, ողբալը ոչինչ կը փոխէ իրականութենէն եւ ներքին ոյժերու յումպէտս վատնում է…, մինչ պայքարի ոգին ու բանականութիւնն են, որոնք կը յաղթեն տուեալ կացութեան, պատմութիւն կը կերտեն…
……………
Հարստութիւն է անկասկած ունենալ բազմակարծութիւն, տարբեր տեսակէտներ, սակայն անոնցմէ վեր՝ կան ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐ, որոնք կը սահմանեն հայեցի ինքնութիւնը, եւ հասարակաց են բոլոր հայերուս, անկախաբար մեր ունեցած քաղաքական, դաւանական եւ այլ տարբերութիւններէ….Այդ արժէքներէն են՝ հայոց լեզուն, իր երկու ճիւղերով՝ արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն, բարբառներուն հետ միասին, հայ մշակոյթը, արուեստները, հայոց հայրենիքը, հոգե–բարոյական արժէքները…., որոնք կը միաւորեն մեզ որպէս հայ մարդ ու ԱԶԳ, ….կ‘ուղղորդեն մեր քայլերը, որպէս հայ մարդ ու ԱԶԳ….եւ առանց որոնց, մենք կը դադրինք ՀԱՅ ըլլալէ…: Քաոսային մեր ժամանակներուն, եթէ կարենանք նոր որակ տալ՝ ազգային արժէքներու վրայ հիմնուած ազգային մեր ինքնագիտակցութեան, վստահաբար կը կարենանք նոր ուղի հարթել մենք մեզի, համահայկական մտածողութեամբ եւ տեսլականով ամրապինդ…
……………
Հիմա աշխարհը կ‘ընթանայ երկու հակաբեւեռներու պայքարով…Պայքարի մէկ բեւեռին՝ ազգային սկզբունքով, ազգային գաղափարով եւ արժէքներով ապրող մարդիկ են, պայքարի միւս բեւեռին՝ համաշխարհայնացման եւ համահարթեցման ծառայող վարձկան ոյժերն են (կլոպալիստները), որոնք կը միտին նոր աշխարհակարգ ստեղծել, ուր չկայ ազգութիւն, չկայ ազգային ինքնութիւն, չկան ազգային պատմութիւն ու մշակոյթ, ազգային բարոյական–հոգեւոր արժէքներ…եւ մարդը դարձած է ԱՆԴԷՄ, ԱՆԴԻՄԱԳԻԾ մի փերեզակ, հոս–հոն քշուող աշնան մի տերեւ….ՄԵՐ ՊԱՅՔԱՐԸ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ՅԱՆՈՒՆ ԱԶԳԱՅԻՆԻ, ՅԱՆՈՒՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆԻ, ՅԱՆՈՒՆ ԱԶԳԱՀԱՒԱՔԻ ԵՒ ՀՈՂԱՀԱՒԱՔԻ…եւ ամէն երեւոյթի մէջ, պիտի փնտռենք, պիտի հարցադրենք թէ որո՞ւն կը ծառայեն տուեալ երեւոյթի մէջ ներգրաւուած անձինք ու կառոյցներ եւ ըստ այնմ պիտի դիրքաւորուինք, եթէ կը հաւատանք ԱԶԳԱՅԻՆԻՆ, ՀԱՅԿԱԿԱՆԻՆ, ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆԻՆ
……………
Մարդ էակին լաւագոյն վարձատրութիւնը ներքին հոգեկան գոհունակութիւնն է …Որեւէ բարի գործի, արարքի, ազնիւ վարքի գերագոյն հատուցումը կը զգաս սրտիդ խորը, որ կ‘արձագանգէ ոգեկան ճշմարիտ երջանկութեան ապրումներով…Որեւէ այլ վարձատրութիւն, թէ գնահատանք չի կրնար հոգիդ լեցնել նմանատիպ երջանկութեամբ: Բանաստեղծ Վահան Թէքէեան պիտի ըսէր. «Ինչ որ գնաց ուրիշին, Վերադարձաւ անուշցած ու զօրացած, Հոգիիս մէջ մնալու յաւիտեան»….Երանի՛ կարենանք նման հոգեկան հարստութեամբ ապրիլ:
……………
Մենք կրնանք մեզ ճանչնալ էապէս, որպէս ինքնուրոյն դիմագիծով ԱԶԳ, եթէ հաղորդուինք մեր դարաւոր ՄՇԱԿՈՅԹԻՆ հետ…Այնտեղ ենք մենք, այնտեղ է ՀԱՅ ՀՈԳԻՆ՝ իր յոյզերով ու յոյսերով, իր ցաւերով ու տագնապներով, իղձերով ու երազներով, իր հոգեբանութեամբ, նկարագրով ու աշխարհայեացքով….Մեր տաղերուն ու երգերուն, մեր գրականութեան, ճարտարապետութեան, մանրանկարչութեան մէջ, մենք ենք՝ անսքօղ, անպաճոյճ, մերկ «բանաստեղծի մը հոգւոյն պէս»: Առանց այդ խոր ինքնաճանաչման, մենք չենք կրնար մեր սեփական ուղին գտնել, որպէս ազգ ու հայոց երկիր, ներկայ համաշխարհայնացող քաղաքակրթութեան ուղեմոլոր ընթացքին մէջ: Ազգային ինքնաճանաչումն է մեր փրկութեան ուղին:
……………
Տառապանքը դպրոց է նաեւ….նոյնն են հիասթափութիւնը, պատրանաթափութիւնը, որոնք կը սորվեցնեն աւելի ԶԳՕՆ ու ԶԳԱՍՏ ըլլալ, ցանկալին իրականի տեղ չդնել….փորձարկել, վերլուծել, կշռադատել դէպքերն ու դէմքերը, դատումը առկախել, եզրակացութեան չգալ անմիջապէս….եւ շարունակաբար ԲԱՑ պահել միտքը՝ նախապաշարումներէ եւ կարծրատիպերէ ձերբազատ: Մտքի արթնութիւնը տեւական վարժութեան կը կարօտի…Անիկա դիւրութեամբ ձեռք չբերուիր: Իսկ հիասթափութիւնները մեծագոյն գրգիռ են աւելի զգօն եւ զգաստ դատելու յետագային…
……………
Այնքան շատ են, մեր օրերուն յատկապէս, կեղծիքն ու շողոքորթութիւնը, երեսպաշտութիւնն ու մակերեսայնութիւնը, որ չես գիտեր՝ ո՞վ է ճշմարիտ բարեկամը, որ իսկապէս կը բաղձայ քու երջանկութիւնդ, կը կիսէ ցաւդ ու խինդդ, եւ որուն բարեկամութեան կրնաս վստահիլ ու ապաւինիլ….: Մարդ էակը, ըստ էութեան, ՄԻԱՅՆԱԿ է մեր ներկայ ժամանակներուն, նոյնիսկ եթէ ան շրջապատուած է մարդկանցով….Գոյութենական այս մենակութիւնը շեշտուած է՝ մանաւանդ անոնց մօտ, որ տուրք չեն տար հոգիի եւ մտքի վրայ գործադրուող ճնշումներուն,….որոնք հեռու են սուտէ ու կեղծիքէ….որոնք ճշմարիտը կը խօսին եւ չեն քծնիր ի հաճութիւն այլոց….Նմանները բարձր գին կը վճարեն իրենց ուղղամտութեան համար յայտնապէս…
……………
Գաղութահայ կեանքը՝ իր ՀԱՅԱՊԱՀՄԱՆՈՒՄԻ ջանքերուն մէջ, շատ բան կը պարտի այն կամաւոր, անվճար, սրտով եւ հոգւով ծառայող «բանակ» մը մարդկանց, որոնք արդարօրէն կը կոչուին ԱՆՁԻՆՔ ՆՈՒԻՐԵԱԼՔ….Շատ–շատեր չեն ալ զգար անոնց ծառայութեան ոգին, անսակարկ ազգասիրութեան չափը….տեսնելով եւ արժեւորելով միայն անոնք, որոնք կ‘աշխատին գերազանցօրէն փոխան նիւթական վարձատրութեան, տեսակ մը պաշտօնեայի հոգեբանութեամբ եւ մտայնութեամբ ալ մեծաւ մասամբ…: Որքա՛ն կ‘անտեսուին շատ յաճախ այդ կամաւորները, որոնք ճիշդ է որ կը ծառայեն միայն անսալով իրենց ներքին ձայնին, ազգային գիտակցութեան, բայց՝ ՄԱՐԴ են վերջ ի վերջոյ….եւ հոգեկան պահանջքը կը զգան թէկուզ սրտանց ըսուած ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ մը, որ շատ անգամ կը զլացուի իրենց…: Բայց պահ մը երեւակայենք, թէ ի՞նչ կ‘ըլլար հայ կեանքը՝ սփիւռքահայ իրականութեան մէջ ի մասնաւորի, եթէ չըլլային այդ նուիրեալ կամաւորները, եթէ ամէն մարդ իր ներդրումը բերէր հայ կեանքին միայն ու միայն նիւթական վարձատրութեան մը ակնկալութեամբ….Բարեբախտաբար, կան անոնք…, որոնք ոչինչ կը խնդրեն իրենց անգին զոհողութեանց դիմաց, իսկապէս ոչինչ…Գիտնանք, սակայն, երբեմն գոնէ գնահատել զիրենք, անուշ խօսք մը ըսել, անկեղծ երախտիքի նշոյլ մը ճառագայթել…