Աւետիք Իսահակեան
Ահմետը հինգ ուղտ առաջնորդելով կ’երթար քաղաք: Արեւը սաստիկ կ’այրէր, ծարաւը մարդու շրթունքը կը պատռտէր։ եւ եղաւ այնպէս , որ կէսօրուան տաքին սնսպասելիօրէն հասնի աղբիւրի մը մօտ ,որ ճամբու եզրին ուրախ ու զուլալ կը քչքչար(1) ծառերու զովասուն ստուերին ներքեւ։
Ահմետը ուղտերը քաշեց աղբիւրի գուռներուն(2) վրայ, լաւ ջրեց, ինքն ալ կուշտ մը խմեց, յետոյ մարմնի երկարութեամբ պառկեցաւ ծառի հովասուն շուքին տակ: Ո՛չ արթուն էր, ո՛չ քնացած, հաճելի թմբիր մը զով ստուերին հետ իջած էր անոր յոգնած անդամներուն վրայ:
Յետմիջօրէին,Ահմետը արթնցաւ ու նկատեց թէ իր ուղտերէն մէկը չկայ։ Կանգնեցաւ քարերու գլխուն, դիտեց չորս կողմ-բան չէր երեւեր. միայն բաւական մօտիկ, գիւղ մը ծառերու մէջէն ճերմակ գոյնով կը ծփար: Արագ ոտքի հանեց ուղտերը, գնաց գիւղ:
Գիւղին ծայրը պառաւ կին մը տեսաւ:
-Նանի՛, – ըսաւ Ահմետը,- ուղտս կորսուեր է, չե՞ս տեսած, չե՞ս նկատած: Այսպէս- այսպէս ուղտ մը:
-Ես քու ուղտիդ տա՞րտն(3) եմ,- զայրացած ըսաւ պառաւը.- իմ կտրիճ աքլորը կորսուեր է, կը փնտռեմ, կը փնտռեմ, չեմ գտներ, քու ուղտդ պիտի նշմարե՞մ . եկուր շարժինք առաջ աքլորս փնտռենք գտնենք, յետոյ քու ուղտդ:
Ահմետը գլուխը շարժելով մտաւ գիւղը, ուղտերը յանձնեց տանտէրին ու ինքը գնաց կորսուածը փնտռելու:
Գիւղէն դուրս տեսաւ մարդ մը, պարկով ցորենը գետին դրած է, պարկին մէկ կողմը պատռուած , ցորենը բուռ-բուռ թափուած է ճամբուն երկայնքին. խեղճ մարդը մէկ՝ ցորենը կը հաւաքէ, պարկը կը լեցնէ, մէկ՝ մատներով գետինը կը քրքրէր, կը փորփրէր, հողը կը մաղէր:
-Ա՛յ, մարդ, ուղտս կորսուեր է, այստեղէն չէ՞ անցեր, տեսա՞ծ ես այսպէս—այսպէս ուղտ մը:
-Ես շուարած եմ, սրտնեղ(4) ըսաւ մարդը,- երեխաներուս ապրուստը հող դարձաւ. ասեղս կորսնցուցեր եմ, ասեղս, որ պարկս պիտի կարեմ, երթամ տուն. քու ուղտդ պիտի նշմարե՞մ. եկուր շարժինք առաջ ասեղս փնտռենք գտնենք, յետոյ քու ուղտդ:
«Խենթ են այս մարդիկը»,- տրտնջաց Ահմետը ու շարունակեց:
Որու որ դիմէր միեւնոյն պատասխանները կը ստանար, – թէ ի՞նչ է, բան ու գործ չունէինք, քու ուղտի՞դ պիտի հետեւէինք, հսկէինք, նշմարէինք:
Ահմետը վշտացած մարդոցմէն ու յոյսը կտրած՝ գիւղ վերադարձաւ. ծառի մը տակ նստաւ, գլուխը առաւ ափերուն մէջ տխուր-տխուր կը մտածէր. քունը վրայ հասաւ, եւ յոգնաբեկ Ահմետը աչքերը գոցեց. քունն ու երազ տեսնելը մէկ եղաւ. տեսաւ, որ իր մայրը եկաւ, Ահմետին գլուխը շոյեց ու ըսաւ.
«Որդիս, մի՛ տխրիր, ուղտդ կորսուած չէ. միայն այս աշխարհիս բանը այսպես է, որ առաջ ուրիշին կորսուածը պիտի փնտռես, որ ուրիշն ալ քու կորսուածը փնտռէ. Մի՛ մեղադրեր մարդկանց, ամէն մէկուն համար իր աքլորն ու ասեղը քո ուղտիդ չափ է»:
Ահմետը արթնցաւ եւ վազեց պառաւին մօտ:
-Նանի, աքլորդ գտա՞ր,- հարցուց Ահմետը:
-Չէ՛, որդի, չէ՛:
-Եկուր, միասին փնտռենք,- ըսաւ Ահմետը:
Եւ երկուքով ինկան գիւղի երդիկներն ու կալերը. մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերը կը փնտռէին կորսուած աքլորը. յանկարծ պառաւը սրտապատառ գոչեց.
-Ահա՛ աքլորս, կտրիճ աքլորս, պատին տակ նստած է:
Ահմետը փութաց դէպի աքլորը,իսկ աքլորը վախէն դողահար թեւաբաց սկսաւ վազել դաշտերու ուղղութեամբ։ Աքլորը անվերջ կը վազէր եւ Ահմետն ալ անոր ետեւէն։
Յանկարծակի աչքին երեւաց իր ուղտը, իր սեփական ուղտը, որ կանաչութեան մէջ ապաստանած հանգստաբար կ՝որոճար։ Ահմետին ուրախութիւնը չափ ու սահման չունէր։ Մէկ ձեռքին աքլորը, իսկ միւս ձեռքին իր ուղտի սանձը, ան ուրախ ու խնդում երեսով վերադարձաւ գիւղ։
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Շաքէ Մանկասարեան
Պատկերի ձեւաւորում՝ Շաքէ Մանկասարեան
Կը հրատարակենք թարգմանողին ազնիւ արտօնութեամբ [email protected]
Ծանօթագրութիւն.-
(1) Քչքչալ: Հոսելու ատեն մեղմ ձայն հանել. Կարկաջել, խոխոջել, գլգլալ:
(2)Գուռ: 1. քարէ կամ փայտէ փոքր աւազան աղբիւրի առջեւ կամ գոմերուն մէջ անասունները ջրելու համար: 2. փոքր աւազան բաղնիքին մէջ:
(3)Տարտ: Հոգ, մտահոգութիւն:
(4)Սրտնեղ: 1. սիրտով նեղացած, վշտացած. 2. բարկացած, զայրացած: