ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Ո՜վ ամենակարող, բազումողորմ ու մարդասէր Աստուած, սա պահուն քեզի ապաւինող զաւակներդ կ’օրհնենք ու կը փառաւորենք քու սուրբ անունդ եւ կը գովերքենք քու փառքդ ո՛վ սիրոյ ու բարութեան անսպառ աղբիւր եւ երկնապարգեւ շնորհներու ու օրհնութիւններու երկնային գանձարան:
Լսէ՛ մեր աղօթքը ու աղաչանքը, ո՜վ Տէր: Ցաւի ու նեղութեանց ալիքները շրջապատած են մեր ժողովուրդի զաւակները ամէ՛ն տեղ: Ահաւոր դժուարութիւններու եւ փորձութիւններու դիմաց կը գտնուինք՝ տնտեսական, բարոյական, ընկերային եւ մանաւանդ՝ պսակաձեւ (Քորոնա) ժահրի հիւանդութեան համաճարակին արագ տարածումը սկսած է աւեր գործել ամէ՛ն տեղ:
Ո՜վ Տէր, Դո՛ւն, որ արդար ես ու բարեգութ, սիրող ու խնամող հայր, եւ չես լքեր անոնք՝ որոնք քեզի կը դիմեն հաւատքով ու յոյսով, կ’աղաչենք ո՜վ Բժշկապետ, քու բժշկարար օրհնութիւնդ սփռէ ամբողջ աշխարհի ժողովուրդներուն վրայ: Երկնային ցնծութեամբ լեցուր մեր խռովեալ հոգիները: Երկնային լոյսովդ լուսաւորէ մեր կեանքի ամպամած երկինքը:
Տէ՛ր Յիսուս, դո՛ւն ես մեր լոյսն ու փրկութիւնը, որմէ՞ պիտի վախնանք: Դո՛ւն ես մեր կեանքն ու ապաւէնը, որմէ՞ պիտի դողանք: Կարկառէ՛ քու սուրբ ձեռքդ եւ մենք պիտի վերականգնինք: Հպի՛ր քու սուրբ աջովդ եւ մենք պիտի ապաքինինք՝ ինչպէս բժշկութիւն գտան եւ վերստին կեանքի կոչուեցան հաւատքով քեզի մօտեցողները:
Ո՜վ Տէր, դո՛ւն ես մեր օգնականը ու պաշտպանը, քեզմո՛վ միայն կ’ուրախանան մեր սրտերը, քեզմով միայն կը լուսաւորուին մեր կեանքի ճամբաները, քեզմով միայն կը փարատին մեր ցաւերը ու կը բժշկուին մեր վէրքերը: Քու թեւերուդ հովանիին տակ պահէ ու պահպանէ քու զաւակներդ:
Ո՜վ ամենակարող Աստուած, քու հրաշագործ զօրութեամբ բժշկէ՛ եւ վերականգնէ՛ համայն մարդկութիւնը եւ մեր ազգի զաւակները՝ ի Հայաստան, յԱրցախ, Լիբանան եւ Սփիւռս աշխարհի: Թող քու բժշկարար ներկայութեամբ մարդկային կեանքէն հեռանան ցաւ ու տառապանք, չար ու չարիք: Փառք ու գոհութիւն Ամենասուրբ Երրորդութեանդ, յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան:
Ամէն: