Սիրելի’ ընթերցող,
Յանուն հայրենիքի՝ զգաստանանք, համախմբուինք եւ կազմակերպուինք:
Մեր նահատակները զոհուեցան, որպէսզի ապրիլ սորվինք:
Մինչեւ զիրար չհասկնանք, իրար ձեռք չմեկնենք, իրաւունք չունինք օտարներէն ակնկալելու, որ մեզ հասկնան եւ լսեն:
Գօտեպնդուինք, բռունցք դառնանք: Կորսնցուցինք ճակատամարտը, բայց պատերազմը մեր առջեւն է:
Փառք ու պատիւ մեր նահատակներուն: Ննջեցէ՜ք խաղաղութեամբ, հերո՛ս տղաք:Արցախի պատերազմին նահատակուած հայ քաջեր, կը խոնարհինք Ձեր յիշատակին առջեւ:
Յաւե’րժ փառք ու պատիւ հերոսներ ծնած բոլոր մայրերուն:
Յաւե’րժ փառք հայրենիքի համար անկոտրում ոգիով իրենց գերագոյնը չխնայած մեր անմահ հերոսներուն:
Ինչպիսի՜ հերոս տղաք մեռան,-մեռա՛ն՝ չկորան…