ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը 14 Փետրուարին նամակ յղեց Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ասատին՝ հայ ժողովուրդին անունով շնորհակալութիւն յայտնելով Սուրիոյ խորհրդարանին՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւը միաձայնութեամբ ընդունելուն համար։ Այս մասին յայտնեցին Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն:
«Մարդկութեան դէմ իրականացուած յանցագործութիւնների դատապարտումը եւ ժխտողականութեան մերժումը այն ամուր երաշխիքն է, որով հնարաւոր է կանխարգելել կրօնական եւ ազգային խտրականութեան պատճառով նոր ցեղասպանութիւններն ու ոճրագործութիւնները եւ կառուցել խաղաղ ու համերաշխ աշխարհ։
«Սիրիայի ժողովուրդն այսօր վերահաստատեց աւելի քան 100 տարիներ առաջ իր նախնեաց յանձնառութիւնն ու վճռականութիւնը, ովքեր Հայոց Ցեղասպանութեան դժնդակ տարիներին ապաստան տուեցին հայրենազրկուած ու տարագրուած մեր ազգի զաւակներին։ Դեր Զօրի անապատում տասնամեակներ առաջ, ձեր բարեյիշատակ հօր՝ Հաֆեզ Ասադի նախագահութեան շրջանում Սրբոց Նահատակաց եկեղեցու կառուցումը դարձաւ հերթական արձանագրումը Հայոց Ցեղասպանութեան հարցում Սիրիայի իշխանութիւնների որդեգրած կեցուածքի։
«Ներկայ ժամանակներում բազմիցս ականատեսն ենք եղել ձեր եւ ձեր ժողովրդի ընդգծուած բարեհոգութեանն ու ուշադրութեանը առ մեր ժողովուրդը, որոնց խօսուն արտայայտութիւնն են Սիրիայի հողի վրայ վեր խոյացած հայկական սրբավայրերը, մշակութային եւ կրթական հաստատութիւնները, սիրիահայ համայնքի բարեշէն կեանքի բազմաթիւ վկայութիւնները», կը նշէ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը։
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, զօրակցութիւն յայտնելով Սուրիոյ բարեպաշտ ժողովուրդին՝ կը մաղթէ, որ երկրին մէջ հաստատուի բաղձալի խաղաղութիւնը ու անդորրը, եւ իրականութիւն դառնան դժուարութիւններ յաղթահարող եղբայր ժողովուրդի պայծառ կեանքի երազները: