Երեքշաբթի, 3 Մարտ 2020-ին, Ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի Ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար Տօքթ. Հրայր Ճէպէճեան, Միացեալ Նահանգներու Աստուածաշունչի Ընկերութեան “Strategic Resource Group”-ի պատասխանատուներ՝ Տէյվիտ Փոփի եւ Թրէյ Հասլիի հետ այցելեց Ազգային Առաջնորդարան եւ Սբ. Վարդանանց եկեղեցի:
Պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Արտակ Ա. Քհնյ. Քէհեաեանի կողմէ, որ միեւնոյն ատեն նախագահն է Աստուածաշունչի ընկերութեան Ծոցի երկիրներու յանձնաժողովին:
Մտերմիկ զրոյցը ընդհանրապէս կեդրոնացաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ անոր գոյատեւման մարտահրաւէրներուն մասին:
Հանդիպման աւարտին ներկաները ունեցան յիշատակի նկարներ:
Armenian Prelacy of Kuwait and the Neighbouring Countries