Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի պատուիրակ Կիր Փեթերսոն Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Արաբ, ամերիկացի եւ եւրոպացի պաշտօնատարներու հետ քննարկումներուս ընթացքին Սուրիոյ հետ աստիճանաբար հաղորդակցութեան սկսելու կարելիութեան նկատմամբ տրամադրութիւն նկատեցի»: