ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Խօսքը քառասուն օրեր առաջ յաւիտենութեան անցած մեներգիչ ու դպրապետ Գէորգ սրկ. Պէպէճեանի մասին է:
Գիտակցական ամբողջ կեանք մը դասական, աշուղական ու ժողովրդային երգարուեստին նուիրած էութիւն մը եղաւ պարոն Պէպէճեան, որ նախ գիտցաւ բեմական կեանք մտնելէ առաջ մշակել Աստուծմէ իրեն շնորհուած իւրայատուկ ձայնը, որուն համար աւարտեց Լիբանանի պետական բարձրագոյն երաժշտանոցը, այնուհետեւ միայն որակեալ ու վաւերական հայ թէ օտարալեզու երգերով զարդարեց մեր բեմերը:
Առանց խտրութիւն դնելու լիբանանահայ թէ այլ երկիրներու հայկական միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու միջեւ` ան չմերժեց որեւէ հրաւէր եւ սիրուած ու փնտռուած ներկայութիւն մը եղաւ զանազան հանդիսութիւններու: Առանձնապէս ուշագրաւ եղան նաեւ իր մենահամերգները` Լիբանանի, Սուրիոյ ու Քանատայի մէջ:
Մեներգեցողութեան զուգահեռ, ծառայեց եկեղեցւոյ: Սուրբ Նշան մայր եկեղեցւոյ դպրաց դասին իր անդամութենէն մինչեւ Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ, Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ ու Այնճարի Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ` իր կոչումին գիտակից ու պատրաստուած դպրապետի պաշտօնները վարելը, զոհաբերեց ամբողջ կեանքի մը վրայ երկարող իր հանգստեան` կիրակի օրերը: Անձնապէս` իբրեւ դպիր, երգած եմ 1980-ական թուականներուն Պուրճ Համուտի Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ դպրաց դասի երգչախումբէն: Այդ օրերուն, իր ստեղծած մթնոլորտին շնորհիւ, բազմանդամ դպրաց դասի երիտասարդներով պատրաստուած Մակար Եկմալեանի պատարագի երգեցողութեամբ, Քառասնից Մանկանց եկեղեցին ամէն կիրակի կը յորդէր ծովածաւալ հաւատացեալներով: Ինծի համար ալ երգչախմբային երգեցողութեան առաջին փորձառութիւններէս եղաւ դպրաց դասի անդամակցութիւնս: Այդ օրերու իր որակին շնորհիւ` եկեղեցւոյ դպրաց դասի երգչախումբը Ազգային առաջնորդարանին կողմէ որդեգրուեցաւ իբրեւ «Նարեկացի» երգչախումբ:
Գէորգ Պէպէճեան, հայ երգարուեստին մատուցած ծառայութիւններուն կողքին, իբրեւ երաժիշտի, անձնապէս ինծի ալ օգտակար եղած է: Իմ մէջ տեսնելով երաժշտական խմորում ու ձգտում` հօրս հետ ի՛նքն էր, որ պատանեկութեանս օրերուն տարաւ ու արձանագրել տուաւ Լիբանանի պետական բարձրագոյն երաժշտանոց, որուն երբեմնի սիրուած ու փայլուն ուսանողի իր հանգամանքով կը վայելէր յարգանք ու համակրանք:
Աւելի ուշ, Հայաստանէն ուսումնառութեանս աւարտին, երբ Լիբանան վերադարձայ, մեծ ուրախութիւն էր ինծի համար Լիբանանի պետական բարձրագոյն երաժշտանոցին մէջ պաշտօնակից ըլլալ անոր: Պարոն Պէպէճեան սիրուած ու փնտռուած մանկավարժ մը եղաւ երաժշտական կրթական այն հաստատութեան մէջ, որուն շրջանաւարտը եղած էր: Իր կորուստը սգացին նաեւ տեղւոյն դասախօսներն ու իր բազմաթիւ ուսանողները: Կարճ ժամանակաշրջան մը ան դասաւանդեց նաեւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին մէջ:
Իրեն հետ ունեցած եմ նաեւ ստեղծագործական համագործակցութիւն: Բացի անկէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան նշումի մը առիթով իմ յօրինած «Ապրի՛լ կրկին» երգին առաջին մենակատարը եղաւ, նաեւ` իբրեւ հիւր մեներգիչ, քանի մը անգամ սիրով մասնակցեցաւ Համազգայինի «Կարկաչ» մանկապատանեկան եւ «Այգ» երիտասարդական երգչախումբերուս հետ տուած համերգներուս:
Հանգստեան կոչուելէն ետք հաստատուեցաւ Այնճար ու հետամուտ եղաւ Այնճարի Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ պատարագի երգեցողութեան բարեկարգման:
Իրմէ օրինակելի յուշ մը. 1980-ականներուն ԼԵՄ-ը բծախնդրութեան նոր ալիք բարձրացուց յեղափոխական երգարուեստին նկատմամբ: Անհրաժեշտ էր օրինակելի համերգ մը պատրաստել եւ հրամցնել հանրութեան: Բոլորին ուշադրութիւնը մէկ անգամէն Գէորգ Պէպէճեանին վրայ կեդրոնացաւ: «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը լեփ-լեցուն էր: Գէորգ Պէպէճեան, Ստեփան Էմմիեանի դաշնամուրի նուագակցութեամբ, բարձրարուեստ համերգ մը մատուցեց մեզի: Համերգէն ետք երկու արհեստավարժ արուեստագէտները մերժեցին ստանալ իրենց պատուեգինը` պնդելով, որ յեղափոխական երգարուեստը իրենք ծախու չեն հաներ ու կը քաջալերեն երիտասարդներու բծախնդրութիւնն ու նախանձախնդրութիւնը` որակեալ երգարուեստին նկատմամբ…
Կորուստ մը, որ ո՛չ միայն ընտանիքինն է, այլ նաեւ լիբանանահայ մեր ամբողջ հանրութեանն է: Իր հնչեղ ձայնով ներկայութիւնը պիտի փնտռենք ու կարօտնանք բոլորով: Բոլորիս մխիթարութիւնն այն է, որ մեր ազգային կեանքին մէջ բարի ու ծառայասէր մարդու մը հետքը ձգեց ու ապա միայն անցաւ յաւիտենութեան:
Արդ, խաղաղ հանգչի հոգին: