Օրհնութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի, կազմակերպութեամբ թեմի «Այո» երիտասարդական յանձնախումբին, շաբաթ, 5 հոկտեմբեր 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8։30-էն սկսեալ Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընկերային երեկոյ մը։
Երեկոյի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց յանձնախումբի ատենապետուհի Անի Պարիքեան, որ իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ կ՛ընդառաջեն «ԱՅՈ»-ի կազմակերպած խրախճանքներուն, ինչպէս նաեւ երեքշաբթի երեկոները ներկայ կը գտնուին ս. պատարագին եւ ապա Աստուածաշունչի սերտողութեան։ Անդրադառնալով «ԱՅՈ»-ի ծրագիրներուն, Պարիքեան նկատել տուաւ, որ ծրագիրներու շարքին են պտոյտներ, զարգացման մրցումներ, ինչպէս նաեւ դասախօսութիւններ` հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, ս. պատարագի մեկնութեան եւ ներկայ երիտասարդութիւնը յուզող այլ հարցերու շուրջ։ Ան կոչ ուղղեց ներկաներուն անդամակցելու «Այո»-ի ընտանիքին, որ այս ամիս կը նշէ իր առաջին ամեակը։ «Մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնեք սրբազան հօր, որ մեզ իր շուրջ համախմբեց՝ նպատակ ունենալով ամրապնդել հայ երիտասարդ եւ հայ եկեղեցի կապը, որուն ընդմէջէն կ՛ամրապնդուի հայ երիտասարդին ինքնութիւնը, հաստատեց Պարիքեան։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի թեմի քարոզիչ Հոգշ. Տ. Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանին, որ սոյն ծրագիրի յաջողութեան մէջ իր յատուկ ներդրումը ունի։ Այնուհետեւ «ԱՅՈ»-ի անունով յուշանուէրներ յանձնուեցան առաջնորդ սրբազան հօր եւ հայր սուրբին։
Սրբազան հայրը իր պատգամին մէջ փառք տուաւ Աստուծոյ եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ մեծ թիւով երիտասարդ-երիտասարդուհիներ համախմբուած են Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ։ Սրբազանը կարեւորութեամբ ընդգծեց հայ երիտասարդութեան գործուն դերակատարութիւնը մեր եկեղեցւոյ եւ բոլոր կառոյցներու կեանքին մէջ։ Ան կոչ ուղղեց երիտասարդութեան երեքշաբթի երեկոները մասնակցելու Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած ս. պատարագին եւ «ԱՅՈ»-ի կազմակերպած բոլոր ձեռնարկներուն։ «Ես կը հաւատամ երկխօսութեան, եւ «ԱՅՈ»-ն Լիբանանի հայոց թեմ եւ հայ երիտասարդութիւն իրար լսելու եւ իրարու հետ գործակցելու եզակի մարմին մըն է։ Հայ երիտասարդութիւնը այսօր –եւ ոչ թէ վաղը– մեր հաւաքական կեանքին մէջ իր խօսքը եւ գործը ունի, եւ ահաւասիկ «ԱՅՈ»-ի ճամբով մենք անգամ մը եւս կը հրաւիրենք մեր երիտասարդ սերունդը մեզի հետ ըլլալու, որպէսզի միշտ միասնաբար աղօթենք, գործենք եւ երաշխաւորենք մեր հայապահպանման երթը» եզրափակեց առաջնորդ սրբազանը։