27 Փետրուարին, Երեւանի երկաթուղային կայարանէն առաջին փորձնական երթ կատարած է Երեւան-Գիւմրի-Երեւան երթուղիին մէջ աշխատանքը սկսող նոր ելեկտրագնացքը:
2 Մարտին պիտի սկսի գործել արագընթացը՝ աշխատելով Ուրբաթ-Կիրակի օրերուն արագ ձեւով` առանց բաժանիչ կանգառներու, օրը երկու անգամ… տեւողութիւնը 1ժամ 58 վայրկեեան, նախնական տուեալներով` 2500 դրամ…
Երեւան-Գիւմրի ժամը 10:00-ին
Գիւմրի-Երեւան 17:00-ին,
2-4 Մարտին եւ 8-11-ին գնացքը պիտի աշխատի անվճար:
Գնացքը յարմարաւէտ է բոլորի համար, ներառեալ` հենաշարժողական խնդիրներ ունեցող ուղեւորներուն համար, կը գործէ անվճար Wi-Fi կապ: Գնացքին մէջ ծխելը արգիլուած է…