ՀԲԸՄ-ի Սան Ֆեռնանտօ( Միացեալ Նահանգներ) հովիտի մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, այսօր՝ Ուրբաթ, Յունուար 25-ին տեղի պիտի ունենայ արուեստագիտուհի Սիրուն Երէցեանի ստեղծագործութեանց ցուցահանդէսը, ՀԲԸՄ-ի «Նազարեան» կեդրոնին մէջ: Երէցեանի գծագրութեան մասին ելոյթներ պիտի ունենան Մարալ Ոսքեան եւ Հերրի Մեսրոպեան:
Ցուցահանդէսին բացումը տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 7:30-ին. ցուցահանդէսը բաց պիտի ըլլայ նաեւ Շաբաթ, Յունուար 26ին, երեկոյեան ժամը 5-էն 8: ՀԲԸՄ-ի «Նազարեան» կեդրոնին հասցէն է՝ 6844 Oakdale Ave., Canoga Park, CA 91306: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 313-9449 թիւին: